Լրահոս

Ուաշինկթըն.- Ալիեւի Թիկնապահները  Խոշտանգեցին Խաղաղ Ցուցարարներ 

 

Հայ Դատի յանձնախումբը կոչ ըրաւ Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարութեանը եւ տեղական իրաւապահ մարմիններուն, որ քրէական պատասխանատուութեան ենթարկեն Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի թիկնապահները, որոնք Փետրուար 19-ին, մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ, յարձակեցան խաղաղ ցուցարարներու վրայ, յատկանշականօրէն՝ նախագահ Տանըլտ Թրամփի «Խաղաղութեան խորհուրդ»-ի անդրանիկ գագաթնաժողովի վայրին մօտ։

Ցուցարարները հաւաքուած էին բողոքելու Ալիեւի բռնապետական կառավարման եւ քաղաքական այլախոհներու դէմ շարունակուող դաժան ճնշումներուն դէմ։

Advertisement Subscribe Today

Յարձակումը կը յիշեցնէ 2017-ին դարձեալ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած այն դէպքին հետ, որուն ընթացքին Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը հրահանգեց էր իր թիկնապահներուն՝ յարձակիլ քիւրտ եւ հայ ցուցարարներու վրայ, Շերըտըն Սըրքըլ շրջանին մէջ գտնուող Թուրքիոյ դեսպանի նստավայրին մօտ։

Շարք մը քոնկրէսականներ դատապարտեցին յարձակումը։ Քոնկրէսի Հայկական համախմբումի համաատենապետ Ֆրենք Փալոն վերահրապարակեց յարձակումին տեսանիւթը՝ գրելով․ «Արիւնոտ ձեռքեր ունեցող ղեկավարները, ինչպէս՝ Ալիեւը, տեղ չունին Ուաշինկթընի մէջ եւ իրաւունք չունին վարձուած խուժան ուղարկելու՝ մեր մայրաքաղաքի փողոցներուն մէջ ցուցարարներուն վրայ յարձակումի։ Կոչ կ՛ընեմ նախագահին եւ արդարադատութեան նախարարութեան՝ ապահովել, որ այս յանցագործները անմիջապէս ենթարկուին արդարադատութեան»։

 

 

Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button