
Կիրակի, Նոյեմբեր 11-ին, արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Առաջնորդ Սրբազան Հայրը պատարագեց ու քարոզեց Պեթեստայի (Մէրիլէնտ) Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ։ Օր մը առաջ, Անուշաւան Սրբազան Հայրը նախագահած էր եկեղեցւոյ 54-ամեակի տօնակատարութեան, որուն պատուոյ նախագահութիւնը ստանձնած էին տէր եւ տիկ. Շանթ եւ Հիլտա Քեհեայեանները։
Ձեռնակին ընթացին, Սոնիա Մկրտիչեան, Էօժէնի Թոսունեան-Սիմոնեան եւ Անահիտ Տէրտէրեան մեծարուեցան եկեղեցւոյ իրենց երկարամեայ ծառայութեան համար, իսկ Հայաստանի դեսպանատան հաւատարմատար Արա Մարգարեան գնահատագիր մը յանձնեց տոքթ. Զարեհ Սողոմոնեանին։ Լեւոն Միքայէլեանի ճազային եռեակը երեկոյեան երաժշտական բաժինը ստանձնած էր։

Շաբաթ մը ետք, Այս շաբաթավերջին, Անուշաւան եպս. Դանիէլեան ճամբորդեց Տիրպորն (Միշիկըն), ուր Կիրակի, Նոյեմբեր 18-ին, պատարագեց եւ քարոզեց Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ։ Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, ընդունելութիւն մը տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ սրահին մէջ՝ ծուխին իր այժմու վայրի հաստատման 54-ամեակը նշելու համար, եւ միաժամանակ նորընտիր Առաջնորդին հանդիպելու եւ ողջունելու առիթ մը ընծայելով ծխականներուն։

Նշենք, թէ Կիրակի, Դեկտեմբեր 2-ին, Գերշ. Տ. Անուշաւան եպս. Դանիէլեան պիտի պատարագէ ու քարոզէ Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։ Ժամերգութիւնը պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 10-ին։ Առաջնորդական ընտրութիւնը նշող Սուրբ Պատարագին պիտի յաջորդէ ճաշկերոյթ մը ՛՛Թերաս Ան Տը Փարքին մէջ (Ֆլաշինկ Մէտոզ, Նիւ Եորք)։

