Լրահոս

Ուաթըրթաուն․ – Արեւելեան Ա.Մ․Ն․-ի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք․ Դանիէլեան Պատարագեց Ս. Ստեփանոս Եկեղեցւոյ Մէջ

Կիրակի, 29 Մարտին, Արեւելեան Ա.Մ․Ն․-ի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք․ Դանիէլեան պատարագեց եւ քարոզեց Սուրբ Ստեփանոս (Ուաթըրթաուն, Մասաչուսէց) եկեղեցւոյ մէջ։ Իր քարոզին մէջ, Սրբազան Հայրը Քրիստոսի օրինակով խոնարհութեան ու ծառայութեան մասին իր պատգամը տուաւ, դրուատելով ծխականներու նուիրումն ու յանձնառութիւնը։

Յաւարտ ՍուրբՊատարագի, Սրբազան Հայրը մասնակցեցաւ Ծաղկազարդի մանուկներու թափօրին։ Այնուհետեւ, եկեղեցւոյ նոր կողմնակի դրան օրհնութիւնը կատարեց։ Ապա տեղի ունեցաւ Դռնբացէքի արարողութիւնը։ Վարագոյրի բացման կնքահայրն էր երիտասարդ ծխական Մարք Կիւզէլեանը։

Օրուան եզրափակիչ ձեռնարկն էր եկեղեցւոյ Տիկնանց Միութեան կազմակերպած անուշեղէններու վաճառքը։

Յետմիջօրէին, Սրբազան Հայրը նախագահեց Հայ Մշակութային եւ Կրթական Կեդրոնի (ACEC) տարեկան ճաշկերոյթին։ Ան բարձրօրէն գնահատեց համերաշխութիւնը եկեղեցւոյ եւ բոլոր քոյր կազմակերպութիւններուն միջեւ եւ վեր առաւ երիտասարդութեան մասնակցութիւնը եկեղեցւոյ մէջ եւ ճաշկերոյթի ընթացքին։

Աւարտին, խօսք առաւ գործադիր խորհուրդի ներկայացուցիչ՝ տոքթ․ Վաչէ Սէրայտարեան, որ  շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն եւ Բարեջան Առաջնորդին, որ տարեկան դրութեամբ ծաղկազարդի առթիւ կը ժամանէ Մասաչուսէց։

Advertisement Subscribe Today

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ՝ ՊՈՍԹՈՆԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻՆ

Երկուշաբթի, 30 Մարտին, բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք․ Դանիէլեան, ընկերակցութեամբ Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեանի՝ Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ, եւ Արժպ. Տ. Գաբրիէլ Քհն. Նազարեանի՝ հոգեւոր հովիւ Սրբոց Վարդանանց (Փրաւիտընս, Ռոտ Այլընտ) եկեղեցւոյ, այցելեց Պոսթընի կաթողիկէ թեմի առաջնորդ՝ Ռիչըրտ Արք. Հեննինկին, որուն կ՚ընկերանար ընդհանուր փոխանորդ՝ Ռապըրթ Օլիվըր։ Հանդիպումը առիթ մը եղաւ քննարկելու հասարակաց հետաքրքրութիւն ներկայացնող զանազան հարցեր։ Սրբազան Հայրը հայկական գեղեցիկ լանջախաչ մը նուիրեց Առաջնորդին։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button