ՈՃԻՐ… ԵՒ ՊԱՏԻԺ

0 0
Read Time:1 Minute, 33 Second

broshian Խմբագրական
Երբեք կարելի չէ բաղդատել, Ապրիլ 2, 2013ի առաւօտեան պատահած քստմնելի արարքը` Պռոշեանի (Կոտայքի շրջան) մէջ, տեղւոյն գիւղապետ ընկ. Հրաչ Մուրատեանի դէմ, Ֆիոտոր Տոսթոյեւսքիի կոթողային “Ոճիր եւ Պատիժ“ նորավէպի նիւթին հետ:
Տոսթոյեւսքիի գործին հերոսը` Ռոտիոն Ռասքոլնիքով որոշած էր դիմել ծայրայեղութեան եւ սպաննել վաշխառու մը, որ բարձր տոկոսով դրամ փոխ տուած էր: Ընթերցողը կառչած մնալով այդ հետաքրքրական էջերուն, հետզհետէ կը համոզուէր թէ ոճրագործը մարդկային զգացումներու տէր անձնաւորութիւն մըն էր, որ ստիպողաբար կատարած էր արարքը:
Սակայն պարագան նոյնը չէ Արցախի ազատագրութեան համար պայքարած ընկ. Հրաչ Մուրատեանին մասին:
Այս պարագային կարիքը չկար հոգեբանական խոր վերլուծումներ կատարելու: Ոճրագործներ կատարած էին ոճիրը: Տիպար հայորդի, ան իր կեանքը զոհած էր իր հայրենիքին համար: Կորսնցուցած իր ամենամօտիկ գործընկերները, ան եղած էր ազատամարտի բոլոր ճակատներուն վրայ` Շահումեանէն մինչեւ Ֆիզուլի:
Ի՜նչ ճակատագիր: Օր մը առաջ, ինք եւ իր նման “սուրբ“եր կը տօնէին Քալվաճարի ազատագրման քսանամեակը…: Մուրատեաններու նման խոնարհ հերոսներու դէմ ուղղուած փամփուշտը շատ աւելի սադրիչ ու քանդիչ էր…մանաւանդ որ ճակատամարտներէ հեռու էր եւ այդ դէպքի ետին կը գտնուին նենգամիտ խուլիկաններ:
Սպասելով մութ ծալքերուն բացայայտման (միթէ արդեօք բացայայտ չէ՞), այժմէն իսկ պէտք է շեշտել թէ ո՛վ որ ալ կանաչ լոյս տուած ըլլայ այդ արարքին, եւ ի՛նչ նպատակով ալ որ գործուած ըլլայ անիկա, ոչ մէկ արդարացման պատճառ գոյութիւն ունի: Աւելին, բառին լայն, իսկական ու համապարփակ իմաստով, պատահածը կ՛արտայայտէ Հայաստանի ու ողջ հայութեան անյարիր նկարագիր, որ դժբախտաբար այլ ձեւերով կը սնուցանուի հայրենիքէն ներս:
Անհրաժեշտ է, որ արարքին ետին կանգնողերը շուտափոյթ կերպով եւ անյապաղօրէն ենթարկուին “ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ“ կոչեցեալ բառի հասկացողութեան կամքին:
Նմանօրինակ սակայն ձախող մահափորձ մը պատահած էր, Հ.Հ. ընտրութիւններու նախօրեակին, թեկնածու Պարոյր Հայրիկեանի (Արցախի եւ Հայաստանի ազատագրման պայքարած այլ հերոս մը) դէմ:
Ժամանակը չէ սեթեւեթաբանութիւն եւ աւելորդաբանութիւն բուրող խօսքերու, արտայայտութիւններու եւ վերլուծումներու: Ահազանգային է վիճակը: Շաբաթներ առաջ թիրախը նախագահութեան թեկնածու մըն էր, իսկ քանի մը օր առաջ…Ապրիլ 2ին, համեստ ազատամարտիկ մը, յարգուած գիւղապետ մը:
Պռոշեանի մէջ պատահած է ՈՃԻՐ մը…կը սպասուի ՊԱՏԻԺին:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles