ՇՐՋԱՓԱԿԵԱԼ ԱՊՐԻԼ 24-Ը

0 0
Read Time:2 Minute, 8 Second

«Հայրենիք» – Պոսթըն

Խմբագրական

Տարբեր պայմաններու տակ կը նշուի այս տարուան Ապրիլ 24-ը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 108-ամեակը։ Տարբերը՝ թէ՛ բազմապիսի տարբերութիւններն են, եւ թէ՛… ոմանց անտարբերութիւնը:

Այս տարուան Ապրիլ 24-ը նշելու համար, շա՛տ աւելի ահազանգ հնչեցնող եւ թմբիրէն դուրս բերող բառեր ու կոչեր պէտք է գործածել, դիմելով մեր լեզուին բոլոր բաղադրիչներուն։

Անտանելի դարձած շրջափակումի մէջ է Արցախը՝ ահաւասիկ աւելի քան չորս ամիսէ ի վեր։ Եւ հակառակ բազմաթիւ կոչերու եւ որոշումներու՝ ամէնէն նօսր գաղութէն մինչեւ Լա Հէյի միջազգային ատեան՝ ոչ մէկ բան փոխուած է։

Արցախցին կը մնայ շրջափակուած, զրկուած  է «կեանքը ինչպէս որ է»  ապրելու տարրական միջոցներէն եւ դիւրութիւններէն, սկսելով սնունդէն եւ հիւանդանոցային միջոցներէ։ Արցախի վիճակը անմիջականօրէն շրջափակած է նաեւ Ապրիլ 24-ը…

Որքա՜ն կարելի է դիմանալ, սպասել եւ անշուշտ՝ հաւատալ կիսատ-պռատ խոստումներու, որոնք կը հնչեն Երեւանի վարիչներէն, մինչեւ Լա Հէյի կամ Սթրազպուրկի միջազգային բեմահարթակները եւ պետական այլ ոլորտներ։

Սովորութիւն դարձած են նմանօրինակ յայտարարութիւնները, որոնք դժբախտաբար սկսած են փրոթոքոլային բնոյթ ունենալ, այս պարագային ստեղծելով «տը ժիւրէ» կացութիւն մը կամ գոյավիճակ մը, հեռու քաղաքական աշխարհի իրապաշտ «տը ֆաքթօ» կեանքէն։

1915-ին, բազմամիլոնանոց արեւմտահայութիւնն էր, որ զոհ գնաց ահաւոր դաւադրութեան մը, տուաւ մէկ ու կէս միլիոն զոհ, բազմահարիւր հազարաւորներ դարձան գաղթական ու անհայրենիք: Ոճիրին հեղինակն էր այդ օրերու Թուրքիոյ իշխանութիւնը, մասնակցութեամբ ժողովուրդին: Ցեղասպանութիւնը տարբեր ձեւերով շարունակուեցաւ անցեալ տասնամեակներուն: Այսօր, 120 հազար բնակիչ հաշուող Արցախը, ուր կան երեսուն հազար մանուկներ ու պատանիներ, թիրախ է միւս թուրքին՝ ազերիին, որ իր քարիւղի հարստութեամբ կը ներգրաւէ, կը հմայէ, կը հրապուրէ եւ փաստօրէն կը խաբէ Արեւմուտքը, որ ամէնայն անարդարութեամբ «աչք ու ականջ կը գոցէ» եւ տարբեր բեմագրութիւն կը ներկայացնէ՝ աղաւաղելով իրականութիւնը, անշուշտ միշտ ու միշտ օգտագործելով փեթրոտոլարներու «բանալի»-ն։ Եւ անշուշտ նոյնինքն Թուրքիա ոտքով-ձեռքով մասնակից է ազերիական ոճիրներուն:

Իսկ մենք, հայերս, փոխանակ չարենցեան «Քո միակ փրկութիւնը քո միասնական ուժի մէջ է» պատգամը կիրարկելու, փոխանակ բազմիցս հնչած՝ Խրիմեան Հայրիկի «երկաթէ շերեփ»ը որոնելու, եւ դեռ՝ փոխանակ միակամ ու զանգուածային հաւատքով ու կամքով քայլարշաւ մը իրագործելու դէպի շղթայուած «յոյսի (եւ փրկութեան) միջանցք»-ը, իրողապէս ձեռնածալ եւ դիտող կը մնանք, շատեր կը վայելեն Երեւանի քանի մը շքեղ պողոտաները. անոնց շարքին են․․․ 19 Բաղրամեան պողոտայի բազմաթիւ բնակիչներ։

Հայ-թրքական յարաբերութիւններու եւ պատրաստուած ճամբու քարտէսին մասին խօսիլը, յատկապէս Ապրիլ 24-եան՝ «Յիշում ենք, պահանջում ենք» օրերուն, շատ աւելի հարցականի տակ կ՛առնէ այդ պահանջին, հատուցմա՛ն պահանջին բացակայութեան պատճառները, ուր «Առիւծի բաժին» ունին Երեւանի իշխանաւորներուն  թափթփածութիւնը, անլրջութիւնն ու իրականութիւնները աղաւաղելու սին փորձերը։

Քանի մը Ապրիլ 24-է ի վեր, ապագան մտահոգիչ է, իսկ անցեալի դաժան յուշերը կը մնան, նորերով «կը հարստանան»։

Բայց ինչպէ՞ս մոռնալ եւ կրկին ու կրկին չբարձրաձայնել Եղիշէ Չարենցի պատգամը․ «Ո՛վ հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո միասնական ուժի մէջ է»։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles