ՇՈՒՇԻ…ԱՐՑԱԽԻ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ԴԱՓՆԻՆ

0 0
Read Time:1 Minute, 54 Second

shoushi kh  ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Իր բարձր դիրքով եւ հաստ ու անթափանցելի պարիսպով, Շուշին Արցախեան բարձրավանդակի վիթխարի ամրոցն էր, որ կը հսկէր անծայրածիր տարածութեան մը վրայ:

Տեղւոյն բնակիչին համար, դեռ երէկուան նման անմոռանալի էր թէ ռազմական ի՜նչ կարեւորութիւն ունէր այս պատմական պարիսպ-քաղաքը, որ նախքան գրարուիլը շարունակ կ՛օգտագործուէր ազերի հրետանիին կողմէ, ռմբակոծելու համար Ստեփանակերտն ու մօտակայ գիւղերը:

Այդպէս ստեղծած էր աշխարհագրական ճակատագիրը, եւ Շուշիի ազա­տագ­րու­մը պատ­մա­կան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն էր` կոչ­ուած վե­րա­կանգ­նե­լու հայ­կա­կան հի­նա­ւուրց հո­ղի վրայ ապ­րե­լու ան­կապ­տե­լի իրա­ւուն­ք մը` ժողովուրդի մը, որ ամէն գնով որոշած էր տիրանալ այս պատմական քաղաքին:

Բնութեան ստեղծած պայմաններուն կողքին, Շուշիի ազա­տագ­րու­մը նա­եւ տնտե­սա­կան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն էր, մանաւանդ որ ցա­մա­քա­յին եւ օդա­յին ճա­նա­պարհ­նե­րու շրջա­փակ­ման, ապրուստի նախնական կարիքներու` վառելանիւթի, ջուրի եւ սննդեղէնի պա­կա­սը սկսած էր գերզգալի դառնալ:

Նաեւ, Շուշին ռազմական յաղթանակ էր ամբողջական հասկացողութեամբ: Այդ պատճառով ալ այս իւրայատուկ ամրոց-քաղաքը դարձաւ խորհրդանիշը` հայոց ռազմական գիտութեան, կարողութեան, կամքին, կորովին եւ յատկապէս յաղթանակի բերկրանքին, որուն դիմաց կարելի է միայն յարգանք ու հիացում ցուցաբերել:

Շուշիի յաղթանակը նշելով միշտ ալ դէմ յանդիման կու գանք այն  ճակատագրական պահուն, երբ շարունակ խաղաղութեան դաշնագրի դէմ պայքարելով, Պաքու շարունակ դիմելով թէ՛ տնտեսական եւ թէ՛ զինուորական ճնշումներու, կը փորձէ »ձեռնոց« նետել եւ պատերազմի պատրաստութիւններ կատարել, առանց քաջատեղեակ ըլլալու եւ վերյիշելու թէ, Արցախցին որքան կառչած է իր հողին: Յիշատակելի ու առանձ­նա­յա­տուկ օրինակ մըն է, Քա­րին­տա­կի ինք­նա­պաշտ­պա­նու­թիւնը, ուր փոք­րա­թիւ հայ մար­տիկ­նե­ր, դաժան պայմաններու տակ, կրցած էին զսպել եւ չէզոքացնել թիւով շատ աւելի բարձր եւ զինամթերքով, լաւապէս զինուած թշնա­մի ջոկատներ: Դեռ աւելին, այդ Քարինտակի խիզախ հերոսները շարունակեցին իրենց սլացքը, առանց որեւէ դժուարութեան ու երկմտանքի, մագլցելով անգերազանցելի եւ ցցուն ժայռեր եւ Շուշուայ ապառաժ, ցոյց տալով իրենց մարտունակութիւնն ու վճռակամութիւնը:

Այսպէս, անվախօրէն բարձրացան դէպի Շուշի եւ դեռ շարունակեցին իրենց ընթացքը…:

Շուշիի ազա­տագ­րու­մով վերջ­նա­կա­նա­պէս ամ­րապնդ­ուեցաւ թշնամին գերազանցելու եւ սե­փա­կան ու­ժե­րով գետին փռելու հա­ւա­տն ու կամքը:

21 տարի ետք…Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ շուրջ ալ անլռելի զանգատուն է, ի յարգանս այս հայոց պատմութեան այս նոր հերոսներուն:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles