
Լուսանկարներ՝ Tina Tcholakian
Ուրբաթ, Ապրիլ 24-ին հոծ թիւով բազմութիւն մը մասնակցեցաւ հաւաքի մը, որ տեղի ունեցաւ Շիքակոյի կեդրոնական «Տէլի Փլազա» համալիրին մէջ: Աւելի քան երկու հազար հայորդիներ ներկայ էին:
Հայորդիներու կողքին, նաեւ միացած էին յոյներ, ասորիներ, քիւրտեր, խրուաթներ: Նմանօրինակ հոծ բազմութիւն 1970-էն ի վեր չէր արձանագրուած:
Օրուան բանախօսն էր Քրիս Պոհճալեան, որ շեշտեց թէ մէկուկէս միլիոն զոհերու յիշատակը կը մնայ անմոռանալի: Նաեւ, խօսք արաւ, շրջանի 100-ամեակի յանձնախումբի պատասխանատու Կրէկ Պետեան, որ իր կարգին նշեց թէ պայքարը պիտի շարունակուի մինչեւ ամբողջական հատուցում եւ պահանջատիրութիւն:
Այս հաւաքին ներկայ էին Յունաստանի հիւպատոսը՝ Իոաննա Էֆթիմիատու, Կիպրոսի հիւպատոսը՝ Մայքըլ Տօվելօս, Իլինոյի կառավարիչի ներկայացուցիչ՝ Պրուս Ռաունըր: Դէպի թրքական դեսպանատուն կատարուած քայլարշաւին մասնակցեցաւ նաեւ քոնկրէսական Պոպ Տոլտ:
Հետաքրքրականը այն էր թէ, մօտաւորապէս եօթանասուն թուրքեր եւ ազերիներ ժամանած էին, հակահայկական պաստառներ ցուցադրելով եւ պարմանուհի մը, առանձին, անոնց դիմաց կանգնած հսկայ պաստառով մը ներողամտութիւն կը յայտնէր, նշելով թէ իր նախահայրերը կատարած էին այս ահաւոր արարքը…: