
Շաբաթ, Սեպտեմբեր 29-ին, Շիքակոյի Կլենվիու շրջանէն ներս գտնուող Հայ Կեդրոնէն ներս, տեղի ունեցաւ ձեռնարկ մը կազմակերպուած տեղւոյն “Քրիստափոր“ Կոմիտէութեան կողմէ: Թէեւ ձեռնարկը Հ.Յ.Դաշնակցութեան 112-ամեակին առթիւ էր, սակայն նկատի ունենալով Սուրիոյ կացութեան վատթարացումն ու տեղւոյն գաղութին դժուարութիւնները, հաւաքը նուիրուած էր Սուրիահայ գաղութին: Բացման խօսքը կատարեց Արմէն Փափազեան, որ հրաւիրեց Վազգէն Այվազեանը, ներկայացնելու Հ.Յ.Դաշնակցութեան կատարած դերը Սուրիոյ մէջ: Այվազեան նշեց մանրամասնօրէն տեղեկացուց Հ.Յ.Դ.-ի կատարած աշխատանքը, իր քոյր միութիւններու միջոցաւ:
Ապա, “Համազգային“ի անունով խօսք առաւ Յարութիւն Միքայէլեան, որ յուշեր պատմեց Հալէպի իր մանկութենէն, որոնք յուզում պատճառեցին: Ապա խօսք առաւ Պոսթընէն ժամանած “Հայրենիք“ի խմբագիր` Զաւէն Թորիկեան, որ ներկայացուց Հալէպի ներկայ իրավիճակը: Ապա, տեղի ունեցաւ հարց-պատասխան: Վերջին խօսք առնողը եղաւ “Քրիստափոր“ Կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Կրէկ Պետեան, որ կոչ ուղղեց դրամահաւաքի: Այս առթիւ, կարելի եղաւ հաւաքել ինը հազար տոլար:
Նշենք թէ, ձեռնարկը սկսած էր տեղւոյն Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական կազմի տողանցքով եւ քայլերգներու երգեցողութեամբ, որմէ ետք, շրջանի հովիւ Տէր Զարեհ Սահակեան կատարեց օրուան աղօթքը: