ՆՈՐ ՀԱ­ՅԸ` ԻՍ­ԼԱ­ՄԱ­ՑԱ­ԾԸ

0 0
Read Time:6 Minute, 48 Second

armenian_family_small  ԳԷ­ՈՐԳ ՊԵ­ՏԻԿ­ԵԱՆ

Ո՞վ է հա­յը, եր­բեմն ես ին­ծի հարց կու տամ:

Թէ­եւ շա­տե­րուն հա­մար այս հար­ցու­մը կրկնու­թիւն կը թուի ըլ­լալ, բայց նա­եւ միւս կող­մէ ալ կը կար­ծեմ, որ իրենց կորս­ուած յի­շո­ղու­թիւն­նե­րու ծալ­քե­րը կրնայ բա­նալ:

Հայ ենք ու մին­չեւ այ­սօր մեր գո­յու­թեան ամ­բողջ տե­ւո­ղու­թեան տա­ռա­պած ժո­ղո­վուրդ մը եղած ենք: Այս է մեր ճա­կա­տա­գի­րը, ար­դա­րա­ցած ենք: Սա­կայն հա­կա­ռակ այս բո­լոր ճշմար­տու­թեան, այս օրե­րուն դարձ­եալ հարց կու տամ` ո՞վ է հա­յը:

Կը հա­ւա­տամ, որ մեր ապ­րած կեան­քը հե­տաքրք­րա­կան, կամ աւե­լի ճիշդ, լաւ ու վատ անակն­կալ­նե­րով լե­ցուն ըլ­լա­լով հան­դերձ, հո­գե­բա­նա­կան կէ­տեր ալ ու­նի: Այս­պէս, եթէ գի­տենք, որ մեր հար­ցու­մը որոշ պա­տաս­խան մը չու­նի, առա­ւել հա­ճոյ­քով կրկին ան­գամ­ներ հարց կու տանք: Այս մէ­կը թէ­եւ կը նմա­նի օդին մէջ կրա­կե­լու պէս բա­նի մը, բայց ին­ծի հա­մար մղձա­ւանջ ալ է:

Միտքս այս ծփա­ցող խո­հե­րէն ազա­տե­լու հա­մար, յստա­կաց­նեմ:

Նախ ըսեմ, որ այս օրե­րուն, գրե­թէ ամէն առիթ­նե­րով կը յի­շենք ու կը վեր­յի­շենք մեր մէկ ու կէս միլի­ոն ան­մեղ նա­հա­տակ­նե­րը: Կը խօ­սինք մեր Դա­տի մա­սին ու մօ­տէն կը հե­տե­ւինք անոր հետզ­հե­տէ զար­գա­ցող ծալ­քե­րուն: Ու յան­կարծ մեր աչ­քին առ­ջեւ կը պատ­կե­րաց­նենք այն նոր երե­ւոյ­թը, թէ տա­կա­ւին մեր պա­պե­նա­կան հո­ղե­րուն վրայ կ՛ապ­րին հա­յեր, որոնք իս­լա­մա­ցած են: Այլ խօս­քով, մեր հա­րա­զատ հո­ղե­րուն վրայ տա­կա­ւին իրենց հա­յու­թիւնը գաղտ­նօ­րէն պա­հող հա­յեր կ՛ապ­րին, որոնք կրօն­քով իս­լամ են` իս­լամ հայ:

Արդ­եօք նման բան կա­րե­լի՞ է ըն­դու­նիլ, հասկ­նալ, հա­մա­կեր­պիլ:

Կ՛են­թադր­ուի, թէ աւե­լի քան եր­կու միլի­ո­նի կը հաս­նի այս հա­յե­րուն թիւը, որոնց հա­մար Մեծ Եղեռ­նի օրե­րուն կեան­քը ձե­ւով մը ու­նե­ցած էր տար­բեր ներ­քին հաշ­տու­թիւն մը:

Մին­չեւ հի­մա շատ քիչ խօս­ուած է այս “հա­յե­րուն“ մա­սին: Բայց երբ կա­մաց կա­մաց քա­ղա­քա­կա­նու­թեան սլա­քը փոխ­ուե­ցաւ, կար­ծես այս հար­ցը տագ­նա­պա­լի ծու­խի մը նման եկաւ եւ լե­ցուց մեր էու­թիւնը:

Իս­լամ հա­յեր:

Այս հա­յե­րը, մեկ­նե­լով իրենց հա­ւատ­քէն` կրնա՞նք հայ կո­չել, ան­ուա­նել կամ հա­յե­րու դա­սին շա­րել: Իսկ իրենք ալ իրենց կար­գին, որ­քա­նո՞վ կ՛ըն­դու­նին իրենց հայ ըլ­լա­լը: Կ՛ու­զե՞ն հայ սեպ­ուիլ, թէ ոչ կը նա­խընտ­րեն ներ­կայ իրենց այս իրա­վի­ճա­կը շա­րու­նա­կել: Ո՞ր աս­տի­ճա­նի է իրենց են­թա­գի­տակ­ցու­թիւնը:

Հա­ւա­տա­ցէք, այս տո­ղե­րը պարզ վան­կե­րու խումբ մը չեն եւ ոչ ալ հան­գե­րու տո­ղանցք, այլ սոսկ մտա­հո­գու­թիւն եւ մին­չեւ հի­մա ան­պա­տաս­խան մնա­ցած հար­ցի մը յայտ­նա­բե­րում: Իբ­րեւ աւան­դա­պահ ժո­ղո­վուր­դի մը հա­րա­զատ զա­ւակ, բո­լորս ալ գի­տենք, որ եթէ հայ ես, ու­րեմն քրիս­տոն­եայ պէտք է ըլ­լաս, ոչ աւե­լի եւ ոչ պա­կաս: Մին­չեւ հի­մա Քրիս­տո­սով ու խա­չով լեց­ուած էր մեր հա­ւատ­քը: Ու­րիշ կրօն ըն­դու­նե­լի չէր: Ու մեր դա­րա­ւոր կրօ­նին ու հա­ւատ­քին հա­մար հե­ղե­ղի նման արիւն թա­փած էին: Վկայ մեր պատ­մու­թիւնը:

Դա­րե­րէ ի վեր քրիս­տոն­եայ ենք մեր երեք յա­րան­ուա­նու­թիւն­նե­րով: Ան­հա­ւատ կամ մի­ա­սե­ռա­կան հա­յուն մա­սին չէ մեր ակ­նար­կու­թիւնը:

Իսկ հի­մա ալ` իս­լա­մա­ցած հայ: Ի՞նչ ըսել է իս­լամ հայ եւ աւե­լին` արդ­եօք նման հա­յե­րու ներ­կա­յու­թիւնը որ­քա­նո՞վ ընբռ­նե­լի է կամ ալ ըն­դու­նե­լի է: Այո, ոչ, չեմ գի­տեր: Միայն այն գի­տեմ, որ իս­լա­մա­ցած այս հա­յե­րը եր­կար ատե­նէ ի վեր ծա­ծուկ ու մեր սրտե­րէն ան­գի­տակ, կար­ծես մե­զի հետ լռու­թեամբ կը խօ­սէ­ին ու կ՛ապ­րէ­ին գաղտ­նի, տե­սակ մը ուր­ուա­կա­նի նման: Հա­ւա­նա­բար, մե­զի կը սպա­սէ­ին, մեր գի­տակ­ցու­թեան զար­գաց­ման: Ահա այս օրե­րուն մէջ­տեղն են: Ինչ­պէս կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ զի­րենք իբ­րեւ հա­ւա­քա­կան կեր­պար‘ նե­րա­ռել մեր մէջ կամ խառ­նել հա­յու­թիւն կոչ­ուած մեր ազ­գա­յին ար­դէն իսկ խառն կաթ­սա­յին մէջ:

Ան­կեղ­ծօ­րէն ըսե­լով, ին­ծի հա­մար այս հա­յե­րը տա­կա­ւին չեն նա­հան­ջած, չեն մե­ռած, կը շնչեն, կ՛ապ­րին: Հայ են, թէ­եւ տար­բեր կրօն ու­նին: Մեր արիւ­նէն են, ու­զենք կամ չու­զենք, ու ճա­կա­տա­գի­րի բե­րու­մով Քրիս­տո­սի փո­խա­րէն տար­բեր մար­գա­րէի մը կը ծա­ռա­յեն:

Ուս­տի կ՛ըն­դու­նիմ, որ նման հա­յեր նոր ժա­մա­նակ­նե­րու կը պատ­կա­նին: Բայց հար­ցը այն է, թէ ինչ­պէ՞ս կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ մեր հո­գին եւ միտ­քը բա­նալ դէ­պի այս իրա­կա­նու­թիւնը: Ցարդ ամէն բան լուռ էր, բայց այն­պէս կ՛ե­րե­ւի, թէ այդ լռու­թիւնը ձայ­նե­րով լե­ցուն էր ու մենք չէ­ինք լսած:

Չմոռ­նանք, որ մին­չեւ հի­մա ազ­գո­վին տու­ժած ենք, որով­հե­տեւ մի­ա­կամ ու պատ­րաստ չենք եղած: Արդ­եօք հի­մա պատ­րա՞ստ ենք` դուք ձե­զի հարց տուէք: Ահա այս մէկն է, որ մի­ջու­կը կրծող որ­դե­րու նման հարց կը դառ­նայ մեր միտ­քե­րուն մէջ:

Ճիշդ է, որ դժուար է երէ­կը հաշ­տեց­նել այ­սօր­ուան հետ: Բայց` գաղտ­նի­քը բաց­ուած է:

Հա­զա­րա­ւոր հա­յեր, յար­գե­լի կամ ոչ պատ­ճառ­նե­րով, իս­լա­մա­ցած են ու ներ­կա­յիս կ՛ապ­րին իրենց պա­պե­նա­կան ու հա­րա­զատ հո­ղե­րուն վրայ: Տե­ղա­հան չեն եղած: Չեն ջարդ­ուած եւ աւե­լին` մեզ­մէ աւե­լի իրենք են այդ հո­ղե­րուն իս­կա­կան եւ իրա­ւա­կան տէ­րե­րը: Անոնք աւե­լորդ փաս­տի կամ դա­տի կա­րի­քը չու­նին:

Արդ­եօք պի­տի ըն­դու­նի՞նք զի­րենք իբ­րեւ հայ: Արդ­եօք մեր այս նոր որ­դեգ­րու­մը մե­ղան­չում մը պի­տի չնկատ­ուի՞ Աւա­րայր­ներ մղած մեր պա­պե­րուն հա­մար:

Իրա­կա­նու­թիւն է, որ իւ­րա­քան­չիւ­րիս մտա­ծե­լա­կեր­պը մեր վաղն է: Գի­տեմ նա­եւ, որ հա­յուն կեան­քը ինք­նին հա­յոց պատ­մու­թիւն ալ է: Արդ, այս բո­լո­րէն ետք ինչ­պէ՞ս կա­րե­լի պի­տի ըլ­լայ որո­նել հա­յուն ինք­նու­թիւնը:

Ահա 21րդ դա­րու մեր պատ­մու­թեան հար­ցե­րէն մէ­կը: Արդ­եօք քննե­լու պատ­րա՞ստ ենք:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles