Գլխաւոր
Նշուեցաւ Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք․ Դանիէլեանի Եպիսկոպոսական Ձեռնադրութեան 20-ամեակը
Եւ Ծննդեան 75-րդ Տարեդարձ

ՆԻՒ ԵՈՐՔ․- Կիրակի, 15 Նոյեմբերին, ջերմ եւ տօնական մթնոլորտի մէջ, տեղի ունեցաւ Առաջնորդարանիս Գոհաբանութեան ճաշկերոյթը Terrace on the Park-ի մէջ, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեանի եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան 20-ամեակին եւ ծննդեան 75-րդ տարեդարձին առիթով։

