Լրահոս

ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՕԾՄԱՆ 31-ԱՄԵԱԿԸ

 

Կիրակի, 28 Յունիսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գահակալին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին ընտրութեան եւ օծման 31-րդ տարեդարձին առիթով, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին եւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանին վայելով աշխարհատարած բոլոր թեմերու եկեղեցիներուն մէջ, մատուցուած Սուրբ Պատարագի ընթացքին, կատարուեցաւ գոհաբանական աղօթք՝ Հայրապետական Մաղթանք։

Արդարեւ, Մայրավանքին մէջ մատուցուած Սուրբ Պատարագի ընթացքին, Կիլիկեան ուխտեալ Միաբանութենէն խումբ մը միաբան հայրեր, նախագահութեամբ Գերաշնորհ Տ. Օշական Արք. Չօլոյեանի, բարձրացան Սուրբ Խորան, եւ կատարեցին շարականներ։

Սուրբ Պատարագը մատուցեց Կաթողիկոսարանի քրիստոնեայ-իսլամ յարաբերութեանց պատասխանատու եւ Վեհափառ Հայրապետի գաւազանակիր Հոգեշնորհ Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան, իսկ յաւուր պատշաճի քարոզեց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան, որ ըսաւ․- «Որպէս հոգեւոր զաւակներ, ինչպէ՞ս կարելի է չցնծալ՝ խորապէս գիտակցելով, որ համաշխարհային քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային ամէնէն ցնցիչ վերիվայրումներուն մէջ Աստուած պարգեւած է մեզի բազմաշնորհ Հայրապետ մը, որ անվհատ կերպով ընդ հուր եւ սուր կ՚առաջնորդէ իրեն վստահուած քրիստոսական «հօտ փոքրիկ»-ը»։

Սուրբ Պատարագէն ետք, վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ Արամ Ա. Կաթողիկոսին գահակալութեան 31-րդ տարեդարձին առիթով շնորհաւորական հաւաքոյթ։

Միաբանութեան անունով ուղերձ ընթերցեց Դպրեվանքի հսկիչներէն Հոգեշնորհ Տ. Ազատ Վրդ. Ֆիլիքեան։ «Այսօր բոլորս մեր հայեացքները կ’ուղղենք դէպի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ հայրապետական այն դարաւոր գահին, որուն անսասանութեան, պայծառութեան եւ հոգեւոր վերելքին հիմնական դերակատարը կը հանդիսանայ անոր արժանընտիր գահակալը եւ մեր սիրեցեալ հովուապետը՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսը», յայտնեց հայր Ազատը:

Advertisement Subscribe Today

Ապա, հայր Ազատ ընդգծեց, որ Սփիւռքի թէ Հայրենիքի գոյութենական սպառնալիքներուն դիմաց, Վեհափառ Հայրապետին ձայնը խրոխտաբար կը հնչէ իբրեւ զգաստութեան բամբ եւ ցնցիչ հրաւէր: «Ան իր բարձրագոյն հեղինակութեամբ, միջազգային բեմերու վրայ եւ պետական բարձրաստիճան հանդիպումներու ընթացքին, դարձաւ հայ դատի անխոնջ պաշտպանը, Արցախի խնդիրը բարձրաձայնողը եւ հայութեան արդար իրաւունքներու պահանջատէրը»։

Ուղերձէն անմիջապէս ետք Վեհափառ Հայրապետը արտասանեց իր օրհնութեան խօսքը։ Ան ըսաւ. «Հայրապետական գահակալութեան 31-րդ տարեդարձին առիթով, առաջին հերթին, կ՚ուզեմ փառք ու գոհութիւն տալ Աստուծոյ, որ անցնող երեսունմէկ տարիներուն, իբրեւ Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, եղաւ ինծի առաջնորդ։ Ինք առաջնորդեց զիս այն ճամբուն վրայ, որ մեր Եկեղեցւոյ եւ մասնաւորաբար մեր Սուրբ Աթոռին ծառայութեան ու առաքելութեան ճամբան էր։ Աստուծոյ օրհնութեամբ լիցքաւորուած, Անոր ներկայութեամբ հաւատքս ամրացած եւ կեանքս Անոր սիրով ու յոյսով շաղախած, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ծառայութիւնն ու առաքելութիւնը փորձեցի կենսագործել մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս»։

Հայրապետը ընդգծեց, որ կաթողիկոսը առանձին չի գործեր, այլ ան ծառայական առաքելութեան լծուած է որպէս սրբազան աստուածատուր առաքելութիւն, իր շուրջը ունենալով միաբան հայրեր, թեմակալ առաջնորդներ, ժողովականներ, բարերարներ եւ մեր ժողովուրդի զաւակներ։ Ուստի, «հաւաքական է այս Սուրբ Աթոռին առաքելութիւնը, եւ այդ հաւաքական առաքելութեան մասնակից ենք բոլորս», ընդգծեց ան՝ նշելով, որ հայրապետական գահակալութեան անցնող 31 տարիներու արժեւորումը մեր ժողովուրդին պարտաւորութիւնն է, այդ գծով ժողովուրդը ի՛նք այդ արժեւորումը կատարելու հրաւիրուած է՝ վեր առնելով նուաճումները եւ մատնանշելով թերութիւնները։

Շարունակելով՝ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, որ ներկայիս, մեր կեանքը, Հայաստանի թէ՛ Սփիւռքի մէջ, կը գտնուի ամէնէն ճակատագրական մէկ հանգրուանի եւ յատկապէս մեր Սուրբ Աթոռը, իր շուրջ ունենալով քաղաքական, կուսակցական, մշակութային, բարեսիրական բոլոր կառոյցները, կոչուած է վերատեսութեան ենթարկելու ինքզինք, ինքնաքննական մօտեցումով եւ իրապաշտ ոգիով, տեսնելու համար թէ ո՛ւր ենք եւ ինչպէ՛ս պէտք է մեր ժողովուրդը, հայրենիքը եւ ազգը առաջնորդենք։ «Հետեւաբար, այս վճռական հանգրուանին մեր կեանքի, առաւել քան երբեք, այս Սուրբ Աթոռին դերակատարութիւնը պէտք է շեշտաւորուի, առաջնորդութիւնը պէտք է աւելիով ընդգծուի, որովհետեւ անոր առաքելութիւնը միշտ եղած է, եւ աւելիո՛վ պիտի ըլլա,յ ո՛չ միայն համասփիւռքեան՝ այլեւ համազգային. եւ այս Սուրբ Աթոռին առաքելութեան մաս կը կազմեն, եւ պէտք է կազմեն, մեր բոլոր կառոյցները, ժողովուրդին զաւակները, որովհետեւ ինչ որ կը կատարուի մեր Սուրբ Աթոռին կողմէ, Աստուծոյ օրհնութեամբ կատարած ենք եւ պիտի կատարենք՝ հայրենիքին համար, մեր բոլոր գաղութներուն, մեր մշակոյթին եւ մեր պահանջատիրութեան համար։ Համապարփակ է եւ ամբողջական այս Աթոռին առաքելութիւնը», շեշտեց Հայրապետը։

Վերջապէս, Վեհափառ Հայրապեը ըսաւ, որ սոյն տարեդարձը առիթ է Աստուծոյ գոհութիւն տալու, ինչպէս նաեւ ջերմ շնորհակալութիւն ու բարձր գնահատանք յայտնելու միաբան հայրերուն, թեմի կառոյցներու ծառայութեան լծուած սպասաւորներուն, բարերարներուն, որոնք նեցուկ կը կանգնին Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռին առաքելութեան եւ գործնապէս մասնակից կը դառնան այդ առաքելութեան կենսագործման ու իրագործման. «Այս տարեդարձը հրաւէր մըն է, ինձմէ սկսեալ, մեր բոլորին՝ մեր Միաբանութեան, թեմերուն, կառոյցներուն, յատկապէս այս օրերուն՝ մեր կեանքի այս ճակատագրական օրերուն, վերանորոգ հաւատքով, ամբողջական նուիրումով եւ անմնացորդ ծառայութեամբ, մեր առաքելութիւնը շարունակելու. առաքելութիւն մը, որ իր մէջ պէտք է միշտ ներառէ մեր ազգը, հայրենիքը եւ բոլոր գաղութները»։ «Թող Աստուած օրհնէ մեր առաքելութիւնը, պահապան ու պաշտպան ըլլայ մեր ազգի զաւակներուն եւ ամուր ու անսասան պահէ մեր հայրենիքը», եզրափակեց Արամ Ա. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսը իր պատգամը։

Կիլիկեան հայոց Հայրապետին գահակալութեան 31-րդ տարեդարձի տօնախմբութիւնը իր աւարտին հասաւ Հայրապետական Մաղթանքի երգեցողութեամբ եւ Հայրապետին արտասանած «Պահպանիչ» աղօթքով։ Ապա, ներկաները աջահամբոյրով շնորհաւորեցին Հայրապետին տարեդարձը։

Նշենք, որ հաւատացեալ հայորդիներու կողքին ներկայ էին Լիբանանի մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան նախարար եւ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամ դոկտ. Նորա Պայրագտարեան, Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ, Լիբանանի հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւներու վերին մարմիններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ լիբանանահայ միութիւններու ու կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button