Լրահոս

Մահացաւ Երգչուհի Ռայսա Մկրտչեանը

ԵՐԵՒԱՆ․- 84 տարեկան հասակին, իր մահկանացուն կնքեց Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդական արուեստագէտ, Մովսէս Խորենացիի մետալի եւ «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններուն համար» Ա. աստիճանի շքանշանի արժանացած երգչուհի Ռայսա Մկրտչեանը։

Ծնած 25 Փետրուար 1942-ին, Սեւան քաղաքին մէջ, ան իր երաժշտական ուսումը ստացած է Երեւանի Ռ. Մելիքեանի անուան երաժշտական ուսումնարանին մէջ, ապա շարունակած է ուսումը Կոմիտասի անուան Երեւանի պետական երաժշտանոցին մէջ։ 1963-1968 թուականներուն ուսանած է նոյն երաժշտանոցի դաշնամուրի բաժանմունքին մէջ։

1968-էն սկսեալ ան եղած է Հայաստանի Հեռուստառատիոյի Պետական կոմիտէի էսթրատային նուագախումբի մեներգչուհին։

2002-էն ի վեր դասաւանդած է Կոմիտասի անուան Երեւանի պետական երաժշտանոցին մէջ, իր փորձառութիւնն ու գիտելիքները փոխանցելով նոր սերունդի երաժիշտներուն։

Իր արուեստագիտական գործունէութեան ընթացքին ձայնագրած է 400-է աւելի երգ, որոնց զգալի մասը կը պահպանուի Հայաստանի Հանրային Ռատիոյի եւ Հեռուստատեսութեան ձայնադարանի ոսկէ ֆոնտին մէջ։

Ռայսա Մկրտչեան բազմաթիւ համերգներով ելոյթ ունեցած է աշխարհի տարբեր երկիրներու եւ քաղաքներու մէջ։ Ան երգած է այնպիսի հեղինակաւոր բեմերու վրայ, ինչպէս Նիւ Եորքի Մեթրոփոլիթըն Օփերան եւ Քարնեկի Հոլը, ինչպէս նաեւ Սիտնիի, Մոնրէալի, Պէյրութի եւ Պուէնոս Այրէսի նշանաւոր համերգասրահներուն մէջ։

Advertisement Subscribe Today

Ռայսա Մկրտչեանի մահը մեծ կորուստ մըն է հայկական երգարուեստին համար։ Իր հարուստ ձայնագրութիւններն ու անմոռանալի կատարումները պիտի շարունակեն ապրիլ որպէս հայ երաժշտական ժառանգութեան արժէքաւոր մասը։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button