Յօդուածներ
ՆՇՄԱՐՆԵՐ․- ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԱՐՑԱԽ ԽՃԱՆԿԱՐԸ (ԿԱՄ «ԱՄԷՆ ԳԼՈՒԽԷ ՄԷԿ ՁԱՅՆ»)
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
13 Օգոստոս 2021
Հայաստանի նորընտիր խորհրդարանին առաջին երկու շաբաթներու աշխատանքին դիմաց, կառավարութեան, նաեւ արցախեան բեմերուն վրայ տեղի ունեցող եւ զիրար խաչաձեւող զարգացումները, մինչեւ իսկ եթէ տեղ-տեղ բարեյոյս նշաններ ի յայտ կը բերեն, ընդհանրութեան մէջ կ

