
Նիւ Ճըրզիի մէջ, շաբաթ, Մարտ 25, 2023-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, տեղի պիտի ունենայ «Վերածնունդ.- Երգահանդէս՝ Նուիրուած Մեր Հերոսներուն» ձեռնարկը կազմակերպութեամբ տեղւոյն Հ.Օ.Մ.-ի «Ակնունի», «Արմենուհի», «Շաքէ» մասնաճիւղերուն, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի, «Համազգային»-ին եւ Հ.Ե.Դ. «Արսէն» մասնաճիւղին:
Անունը արդէն կը բացատրէ, թէ երգահանդէսը ի յիշատակ 44-օրեայ պատերազմին նահատակուած հերոսներուն նուիրուած է:
«Անպայման նկատի ունեցէ՛ք այս թուականը եւ ներկայ եղէ՛ք այս երգահանդէսին: Միասնաբար պիտի գործենք, որպէսզի վերածնի մեր հայրենիքը», կը յայտնէ «Վերածնունդ»-ի կազմակերիչ յանձնախումբի անդամ՝ Սերժ Արուշ:
Տոմսերը կարելի է ստանալ www.eventbrite.com կայքէջէն: