ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- «ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ»Ի ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ԱՇԱԿԵՐՏԱԿԱՆ ՄՐՑԱՆՔԸ
ԹՂԹԱԿԻՑ
Լուսանկարներ՝ Ռոպերթ Կարապետեանի
Ապրիլ 30-ին, Նիւ Եորքի Հայ Կեդրոնին մէջ, տեղի ունեցաւ «Համազգային»ի 47-րդ աւանդական աշակերտական գիտելիքներու մրցանքը, որուն մասնակցեցան 42 աշակերտներ, շրջանի հայկական զանազան կրթօճախներէ։
Այս մրցանքը կը կատարուի չորս փուլով եւ միտք բանին է ստուգել աշակերտներու գիտելիքները՝ հայերէն լեզուի եւ պատմութեան բնագաւառներէն ներս:

«Երրորդ-չորրորդ դասարանի աշակերտներուն բառապաշարն է որ կը ստուգուի, իսկ հինգերորդ-վեցերորդ դասարանի աշակերտներու գիտելիքներու ցանկը աւելի բարդ է, եւ կ՛ընդգկէ նաեւ Հայոց Պատմութիւն, գրականութիւն, հայ գրողներու եւ ստեղծագրոծութիւններու մասին տեղեկութիւններ», տեղեկացուց մրցանքի յանձնախումբի ղեկավար՝ Ժանէթ Մարգարեան։ Մրցանքին բացումը կատարեց 
«Համազգային»ի Նիւ Եորքի մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ Աստղիկ Սեւակը։ Այս ձեռնարկին ներկայ էր նաեւ Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ հովիւ՝ Նարեկ Թրթռեանը։ Մասնակցող աշակերտները պատասխանեցին բոլոր հարցումներուն։
Աւարտին, աշակերտները ստացան նուէրներ, ապա մասնակցողներուն՝ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց, Նիւ Եորքի «Համազգային»ի հիմադիր, ամերիկահայ անուանի գրող՝ Հրանդ Մարգարեանը։


