Նիւ եորք․- Հ.Օ.Մ.- Ի «ՄԱՅՐ» ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ՄԱՅՐԵՐՈՒ ՕՐՈՒԱՅ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ

Մ․ Եփրեմեան
Նիւ Եորք
Նիւ եորքի Հայ Օգնութեան Միութեան «Մայր» մասնաճիւղի տարեկան ձեռնարկներու շարքին կարեւոր տեղ կը գրաւէ Մայրերու օրուան նուիրուած տօնակատարութիւնը, ճաշկերոյթը որուն ընդմէջէն Հ․Օ․Մ․-ուհիները կը ցոլացնեն իրենց նուիրումը, կ’արժեւորէն եւ կը վերանորոգէն իրենց ուխտը:
Այս տարի մայրերու օրուայ ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Մայիս 4-ին Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ Փաշալեան սրահին մէջ: Ճաշկերոյթին՝ հիւրաբար ներկայ էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբաններէն՝ Գերաշնորհ Տէր Խորէն Արքեպիսկոպոս Տողրամաճեան:
Տէր Մեսրոպ Քհնյ. Լագիսեան հոգեւոր հովիւ Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ. Ինչպէս նաեւ Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ խնամակալ մարմնի անդամներ Արմէն Մորեան եւ Շանթ Գազանճեան:
Բարի գալուստի խօսքը հայերէնով փոխանցեց մասնաճիւղի ատենապետուհի՝ Մարիա Եփրեմեան, իսկ անգլերէնով փոխ ատենապետուհի՝ Լալիկ Վարդանեան:
Ճաշկերոյթի բացումը կատարուեցաւ Հ․Օ․Մ․-ի քայլերգով, մեներգութեամբ Յուշեր Պզտիկեանի եւ դաշնակի ընկերկցութեամբ Ժուլիէթ Միլեանի: Ապա ներկաները մէկ վարկեան լռութեամբ յոտնկայս յարգեցին անմահ նահատակներուն յիշատակը:
ՍրբազանիՆ եւ Տէր Հօր աղօթքներով ճաշկերոյթը բաց յայտարարուեցաւ: Տէր Խորէն Արքեպիսկոպոս Տօղրամաճեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը եւ իր բարեմաղթութիւնները՝ Հ․Օ․Մ․-ուհիներուն եւ շնորհաւորեց մայրերու տօնը եւ իր օրհնութիւնը տուաւ հայ մայրերուն ու գնահատեց վարչութեան եւ յանձնախումբին ազգանուէր ծառայութիւնը: Ան իր խօսքի աւարտին ճոխացուց յայտագիրը իր գեղեցիկ երգեցողութեամբ:
Յայտագրի երկրորդ բաժինը կեդրոնացաւ «Մայր» մասնաճիւղի 115-ամեակին: Այս առթիւ մասնաճիւղի կենսագրականը ներկայացուցին Երիտասարդ ընկերուհիներէն՝ Շողեր Վարդանեան, հայերէն լեզուով, իսկ Դալար Յովսէփեան՝ անգլերէն լեզուով:
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Լիզա Պուրուճեան, փոխանցելու Հ․Օ․Մ․-ի եւ մայրերու օրուայ նուիրուած խօսքը:
Յուզիչ եւ տպաւորիչ էր, երբ բեմ բարձրացան այն անդամները, որոնք յիսուն եւ աւելի տարիներ ծառայած են Հ․Օ․Մ․-ի շարքերէն ներս: Ընթերցուեցաւ անդամներուն (Արմինէ Մինասեան – 67 տարուայ ծառայութիւն, Արմենուհի Պարտիզպանեան – 57 տարի, Վալանթին Պէրպէրեան – 50 տարի, Սօնիա Պզտիկեան – 50 տարի) կենսագրականը, որոնք ծաղկեփունջով եւ Հ․Օ․Մ․-ի նշանակով պարգեւատրուեցան:
Ապա, ձեռամբ Լիզա Պուրուճեանի նորագիր երկու երիտասարդ ընկերուհիներու՝ Շողեր Վարդանեանի եւ Դալար Յովսէփեանի երդման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ; Անոնք ալ պագեւատրուեցան Հ․Օ․Մ․-ի նշանակով եւ ծաղկեփունջով:
Մոմավառութեամբ՝ երէց ընկերուհիները ջահը փոխանցեցին նորուխտեալ ընկերուհիներուն, մաղթելով իրենց եւ մասնաճիւղին յաջողութիւն:
Մասնաճիւղի վարչութեան եւ շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչի ներկայութեամբ՝ միսանաբար երէց եւ նոր ընկերուհիները հատեցին կարկանդակը: Շնորհակալական խօսքով անգամ մը եւս Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց բոլորին եւ «Յուշարձաններ» երգը նուիրեց ներկաներուն: Նոյնպէս, Յուշեր Պզտիկեան «Հայ քաջեր» երգը մեներգեց:
Հայկական երգերով , նուագով ու պարով մթնոլորտը ճոխացուց «Տի․ Ճէյ․» Շանթը: Աւարտին տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն եւ բախտաւորները ստացան գեղեցիկ նուէրներ: Ներկաները սրահէն մեկնեցան ուրախ տրամադրութիւններով :
Մայրերու տօնը եղաւ ուրախութեան ու ցնծութեան, հպարտութեան ու պարծանքի օր, սակայն առաւել եւ աւելին, ազգին ծառայելու Հ․Օ․Մ․-ի սրբազան ուխտը վերանորոգելու օր:
Յիշատակն արդարոց ամէն անոնց, որոնք Հ․Օ․Մ․-ի «Մայր» մասնաճիւղի հիմնադրութեան օրէն ի վեր, նիւթապէս եւ բարոյապէս զօրավիգ դարձան անոր ազգասիրական գործունէութեան :

