ԳլխաւորՅօդուածներ

ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԸ ԶՕՐԱՎԻԳ ԿԸ ԿԱՆԳՆԻ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ

Օշական Արքեպիսկոպոս եւ Շահան Արքեպիսկոպոս ներկաներու հետ
Օշական Արքեպիսկոպոս եւ Շահան Արքեպիսկոպոս ներկաներու հետ

Մարի Մերտխանեան-Եարալեան

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 27-ին, Նիւ Եորքի Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հաւատացեալները առիթ ունեցան հանդիպելու Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տ. Շահան Սրբ․ Արք. Սարգիսեանին եւ ունկնդրելու սուրիահայութեան այսօրուան պատկերի մասին ներկայացուցած զեկոյցը: Հանդիպումը կազմակերպած էին Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցին եւ Հ․Յ․Դ․ “Արմէն Գարօ“ Կոմիտէութիւնը:
Բարի գալուստի եւ հանդիպման նպատակի մասին խօսք արտասանեց Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ.Մեսրոպ Քհնյ. Լագիսեան:
Հանդիսավար Մարի Մերտխանեան-Եարալեան անդրադարձաւ սուրիահայ, մասնաւորաբար՝ հալէպահայ գաղութի կենսունակ անցեալին եւ ներկային: Խօսեցաւ հայկական վարժարաններու նեցուկ կանգնելու կարեւորութեան մասին:
Հալէպահայ շրջաններու եւ հայկական վարժարաններու մասին պատրաստուած երիզներ ցուցադրելէ ետք, Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հնարաւոր մանրամասնութեամբ ներկայացուց այսօրուան պատկերը, սուրիահայութեան եւ հալէպահայութեան դժուարութիւններն ու մտահոգութիւնները: Խօսեցաւ զանոնք լուծելու համար կատարուած հաւաքական աշխատանքի մասին: Առանձնապէս ընդգծեց հայկական դպր

Ս. Լուսաւորիչ Շաբաթօրեայ եւ Կիրակնօրեայ վարժարաններու աշակերտները Շահան Սրբազանին կը փոխանցեն իրենց հանգանակած գումարը ($750.00)
Ս. Լուսաւորիչ Շաբաթօրեայ եւ Կիրակնօրեայ վարժարաններու աշակերտները Շահան Սրբազանին կը փոխանցեն իրենց հանգանակած գումարը ($750.00)

ոցական կառոյցը կենսունակ եւ ամուր պահելու անհրաժեշտութիւնը: Ան մէկէ աւելի անգամներ շեշտեց հայու նկարագրի կարեւոր յատկանիշները՝ աշխատասիրութիւն եւ ստեղծագործ միտք, որոնք մեր գոյատեւման երաշխիքներն են: Սրբազան հօր խօսքը եւ ներկաներու հարցումներուն տուած պատասխանները իրատեսական, պարզ, անմիջական եւ յստակ էին:

Advertisement Subscribe Today

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ Բարեջան Տ. Օշական Սրբ. Արք. Չօլոյեան շնորհակալութեան եւ երախտիքի խօսք ուղղեց Շահան Սրբազանին եւ Հալէպահայութեան եւ ընդգծեց, որ անոնց կեցուածքը մէկ բառով կարելի է ամփոփել. Հերոսութիւն:
Հանդիպումի պաշտօնական բաժինը աւարտեցաւ Տէր Մեսրոպ Քհնյ. Լագիսեանի գլխաւորութեամբ կատարուած նուիրահաւաքով:
Հիւրասիրութեան ընթացքին, ներկաները շարունակեցին հարցումներ ուղղել եւ լուսաբանութիւններ ստանալ հալէպահայ վարժարաններու եւ ընդհանրապէս՝ սուրիահայ գաղութը պահպանելու աշխատանքներու մասին: Ներկաները յոյսով եւ վստահութեամբ ներշնչուած մեկնեցան սրահէն:
Հանդիպումին համար խորապէս շնորհակալ ենք Տէր Մեսրոպ Քհնյ. Լագիսեանին, որ ոչ մէկ ճիգ խնայած էր նուիրահաւաքը յաջողութեան հասցնելու համար:
Շնորհակալութիւն՝ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ Օշական Արքեպիսկոպոսին, որ իր օրհնութեամբ հովանաւորած էր երեկոն եւ թեւ ու թիկունք էր Շահան Սրբազանին:
Մեծագոյն շնորհակալութիւնը՝ Շահան Սրբազանին, որ պատերազմական Հալէպէն լոյս եւ յոյս բերած էր մեզի:

 

Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button