Նիկոլ Աղբալեանի Երկերու Ա․ Հատորի Շնորհահանդէսը
«Համազգային»-ի Երեւանի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ եւ Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Մ. Աբեղեանի անուան գրականութեան հիմնարկի համագործակցութեամբ, Սեպտեմբեր 12-ին կայացաւ Նիկոլ Աղբալեանի երկերու առաջին հատորի շնորհահանդէսը։
Հատորը նուիրուած է Նիկոլ Աղբալեանի ծննդեան 150-ամեակին։ Գործը կազմած է գրականագէտ Արմէն Մանուկեան, իսկ խմբագրած՝ Լուսինէ Աւետիսեան։
Շնորհահանդէսը տեղի ունեցաւ գրականութեան հիմնարկի դահլիճին մէջ, ուր ներկայ էին «Համազգային»-ի անդամներ, գրականութեան հիմնարկի դասախօսներ եւ գրողներ։
Միջոցառումը բացուեցաւ գրականութեան հիմնարկի տնօրէն Հերիքնազ Որսկանեանի ողջոյնի խօսքով։ Ան ներկաները շնորհաւորեց գիրքին լոյս ընծայման առիթով՝ շեշտելով «Համազգային»-ի դերը այս կարեւոր գործին իրականացման մէջ։
«Համազգային»-ի անունով ներկաներուն ուղղուած խօսքը փոխանցեց կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քեշիշեան։
Նիկոլ Աղբալեան մտաւորականի գործունէութեան եւ նորընծայ հատորին շուրջ իրենց գնահատականները ներկայացուցին «Համազգային»-ի կեդրոնական վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահպազեան, լիբանանահայ վաստակաշատ գործիչ Տիգրան Ճինպաշեան, ինչպէս նաեւ գրականագէտներ՝ Արմէն Մանուկեան, Արշալոյս Գալստեան, Աւիկ Իսահակեան, Լուսինէ Աւետիսեան, Պետրոս Տէմիրճեան, Սուսաննա Յովհաննիսեան, հայկական հանրագիտարանի հրատարակչութեան տնօրէն Յովհաննէս Այվազեան։
Անոնք իրենց ելոյթներուն մէջ կարեւորեցին գիրքին լոյս տեսնելը՝ զայն նշանաւորելով իբրեւ յարգանքի տուրք մտաւորական, հասարակական-քաղաքական գործիչ Նիկոլ Աղբալեանի յիշատակին։ Այս առիթով եւս վերահաստատուեցաւ անոր թողած հարուստ ժառանգութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր գործունէութիւնը կրթութեան, գիտութեան եւ ազգային դաստիարակութեան ոլորտներուն մէջ։

