Մ.Ա.Կ., ՄԱԿԵՐԵՒՈՅԹ…ՄԱԿՈՅԿ

0 0
Read Time:1 Minute, 45 Second

1

ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Սեպտեմբեր 30, 2015
Խմբագրական

Սովորութիւն դարձած է աշնանային առաջին օրերուն, Նիւ Եորքի մէջ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան՝ Մ.Ա.Կ.-ի Գլխաւոր վեհաժողովը, որուն կը մասնակցին նախագահներ եը վարչապետներ:
Բառին բուն իմաստով, գագաթներու ժողովն է որ կը կատարուի այդ քանի մը օրերուն եւ բեմահարթակ կը ներկայանան զանազան երկիրներու ներկայացուցիչներ փոխանցելով իրենց պատգամը:
Հաւանաբար ժողովրդային բառապաշարով եւ ասացուացքով շատ աւելի դիւրին է ներկայացնել իրավիճակը.- «Ամէն մարդ իր ցաւը կը պատմէ»: Անշուշտ ներկայացնելու ոճն ու ձիրքը ունի իր դերն ու կարեւորութիւնը:
Քննադատելու կամ նսեմացնելու համար չեն այս նկարագրութիւնները:
Ընդհակառակը, իսկական պատկերն է որ կը ներակայացուի: Իսկ այս պաշտօնական բեմահարթակներու ելոյթներէն շատ աւելի կարեւոր եւ արդիւնաբեր են սեղմ շրջանակներով, երբեմն միայն գլուխ գլխի կատարուած հանդիպումները, որոնց ընթացքին շատ աւելի կարեւոր նիւթեր կ՛արծարծուին եւ որոշումներ կ՛առնուին, քան Մ.Ա.Կ.-ի նշանակով օժտուած այդ հանրածանօթ ժողովասրահէն:
Աշխարհի չորս ծագերէն ներս, հակառակ գոյութիւն ունեցող զանազան հարցերուն յստակ է թէ, Մ.Ա.Կ.-ի վեհաժողովի 70-րդ նստաշրջանին կիզակէտը
Սուրիոյ թնճուկն էր:
Տնտեսական դաժան կացութեան մէջ գտնուող թէ՛ երրորդ աշխարհի եւ թէ՛ եւրոպական կարգ մը երկիրներէն ներս ստեղծուած իրավիճակը, Պուրքինա Ֆասոյի, Մալիի, Ուքրայինայի կամ նոյնիսկ Արցախի հիմնահարցերը լուսանցքի տակ առնուած էին…Սուրիոյ մէջ ստեղծուած ահազանգային կացութեան պատճառաւ:
Լուծո՞ւմ…բեմահարթակներէն շատ բաներ խօսուեցան, որոնց արդիւնքները այդչափ ալ կարեւոր եւ անկիւնադարձային չէին, համեմատած այդ թաքուն, ընտրանիներու կատարած «փակ» նիստերուն:
Սակայն, դժբախտաբար ցայսօր ոչ մէկ բան փոխուած է ապահովական գետնի վրայ: Ճակատումները, բախումներն ու սաստիկ ռմբակոծումները կը շարունակուին: Ռուսական եւ ֆրանսական օդուժներն ալ միացած են ամերիկեան եւ անշուշտ տեղւոյն սուրիական բանակի օդուժին, շարունակելու համար ռմբակոծումներ, թիրախ ունենալով Իսլամական Պետութեան կեդրոններ:
Դեռ աւելի ցաւալին սակայն Մ.Ա.Կ.-ի այս վեհաժողովի մակերեւոյթն է.- մակոյկը:
Ո՛չ թէ միայն մէկ կամ երկու այլ տասնեակներով մակոյկներ, հազիւ ջուրին մակարդակին հետ ծփացող մակոյկներ, որոնք յատկապէս թուրք վաճառականներու հովանաւորութեամբ ստեղծած են ծովային խարխուլ եւ վտանգաւոր կամուրջ մը, փոխան բաւական սուղ գումարի մը, փոխադրելով այդ ահաւոր կացութենէն խոյս տուող անմեղներ դէպի «դրախտ» նկատուող եւրոպական կղզիներ:
Թէ ի՞նչ որոշում առաւ Մ.Ա.Կ.-ը, այս մակոյկներուն եւ մակերեւոյթին դէմ…:
Հաւանաբար դեռ շատեր ծովամոյն եւ խեղդամահ պիտի դառնան, կրկնելով քանի մը շաբաթ առաջ, հազիւ երեք գարուններ բոլորած Այլան Քիւրտիի աղիողորմ եւ աղիտալի պատկերը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles