ԿիզակէտՅօդուածներ

ՄՈՌՑ­ՈՒԱԾ ՏԱ­ՐԵ­ԴԱՐ­ՁԻ ՄԸ ԱՌ­ԹԻՒ

p13 AzkayinSahmanatrutyun  ՎԻ­ԳԷՆ ԱԲ­ՐԱ­ՀԱՄ­ԵԱՆ

 

Տօ­նե­լիք շատ բան ու­նինք, այո. անց­եալ տա­րի` տպագ­րու­թեան 500-ամ­եակն էր: Մի քա­նի տա­րի առաջ` գրե­րու գիւ­տի 1600-ամ­եա­կը: Ան­կէ առաջ` քրիս­տո­նէ­ու­թեան որ­դեգր­ման 1700-րդը: Եր­կու տարի­էն Մեծ Եղեռ­նի 100-ամ­եակն է: Այս տա­րի Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան 95-ամ­եակն է, որ տա­րե­դարձ­նե­րու մաս­նա­գէտ­նե­րու բա­ռամ­թեր­քով կը հա­մար­ուի “քա­ռորդ-կլոր“, այ­սինքն` այս մէ­կը լա՛ւ նշենք, բայց չմոռ­նանք որ 5 տարի­էն պի­տի գայ 100-ամ­եա­կը, որ պէտք է նշել շա՛տ լաւ, ուս­տի չա­փի զգա­ցո­ղու­թիւնը չկորսնց­նենք…

Այս տա­րի, սա­կայն, շատ կա­րե­ւոր տա­րե­դարձ մը կայ, հայ ազ­գի զար­գաց­ման ճամ­բուն վրայ ար­ձա­նագր­ուած բա­ցա­ռիկ իրա­դար­ձու­թեան մը տա­րե­դար­ձը, տա­րե­դարձ­նե­րու “կլո­րու­թեան սանդ­ղա­կին“ վրայ բա­ւա­կան բարձր տեղ գրա­ւող )կրնամ ըսել` 95 տո­կոս կլո­րու­թեամբ(, եւ, մա­նա­ւանդ, մեր այ­սօր­ուան բազ­մա­պի­սի հիմ­նա­հար­ցե­րուն շատ մօ­տէն առն­չուող իրա­դար­ձու­թեան մը տա­րե­դար­ձը:

Կը սպա­սէի, որ մեր աշ­խար­հաս­փիւռ իրա­կա­նու­թեան բազ­մա­թիւ, բազ­մաբ­նոյթ եւ բազ­մե­րանգ կա­ռոյց­նե­րէն մէկն ու մէ­կը մտա­ծէր այդ մա­սին: Կ՛ակն­կա­լէի, որ անոր բա­րո­յա­կան իրա­ւա­տէ­րե­րէն գլխա­ւո­րը` Կի­լիկ­իոյ կա­թո­ղի­կո­սու­թիւնը այդ մա­սին գո­նէ յայ­տա­րա­րու­թիւն մը ընէր, գրաւ­ուած թուա­կան մը յայ­տա­րա­րէր: 2003-էն իր վեր, Արամ Ա. կա­թո­ղի­կոս տա­րի­նե­րը կը հռչա­կէ որոշ թե­մա­յի մը մա­սին. առա­ջի­նը` եկե­ղե­ցա­կան ղե­կա­վա­րի մը հա­մար շատ բնա­կան, Աստ­ուա­ծա­շուն­չի տա­րին էր, որուն հե­տե­ւե­ցան Ըն­տա­նի­քի, Ազ­գա­յին պա­հան­ջա­տի­րու­թեան )Մեծ Եղեռ­նի 90-ամ­եակն էր, կլո­րու­թեան սանդ­ղա­կով` կէս-կլոր(, Հայ դպրո­ցի, Հայ լեզ­ուի, Քրիս­տո­նէ­ա­կան դաստ­ի­ա­րա­կու­թեան, Հայ կնոջ, Հայ մա­նու­կի եւ Հայ գրքի տա­րի­նե­րը: Կը յու­սա­յի, որ ան այս տա­րի անդ­րա­դառ­նայ այդ շատ կա­րե­ւոր տա­րե­դար­ձին եւ տա­րին նուի­րէ անոր: Ակն­կա­լու­թիւնս ի չիք ելաւ:

Կը յու­սա­յի, որ մեր բազ­մա­թիւ կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րէն մէկն ու մէ­կը անդ­րա­դառ­նայ այս կա­րե­ւոր տա­րե­դար­ձին: Տա­կա­ւին ոչ մէկ ձայն լսած եմ: Մա­նա­ւանդ կը յու­սա­յի, քա­նի որ տա­րե­դար­ձը կը վե­րա­բե­րի Կ. Պոլ­սոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցած իրա­դար­ձու­թեան մը, որ Պոլ­սէն դուրս` ազատ պայ­ման­նե­րու տակ գոր­ծող բազ­մա­թիւ պոլ­սա­հայ միու­թիւն­նե­րէն մին գո­նէ անդ­րա­դառ­նար անոր: Ի զուր:

Ակն­կա­լու­թիւն չու­նէի, որ Հա­յաս­տա­նէն ձայն մը բարձ­րա­նար այդ ուղ­ղու­թեամբ, որով­հե­տեւ անոնք եր­բեք չեն առնչ­ուած անոր հետ եւ նե­րե­լի է որ չյի­շեն բան մը, որուն մա­սին շատ աղօտ պատ­կե­րա­ցում ու­նին, մա­նա­ւանդ որ հա­մայ­նա­վար գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան տա­րի­նե­րուն ան յա­ճախ դա­տա­փետ­ուած է եւ ծաղ­րան­քի առար­կայ հան­դի­սա­ցած: Եթէ աւե­լի լրջօ­րէն ծա­նօ­թա­նա­յին անոր հետ, եթէ ան­կէ քա­ղած ըլ­լա­յին անհ­րա­ժեշտ դա­սե­րը, այ­սօր­ուայ տագ­նա­պը` ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան ճգնա­ժա­մը, որ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թիւնը կ՛ապ­րի, շատ աւե­լի թե­թեւ պի­տի ըլ­լար:

 

* * *

 

Այս տա­րի 150-ամ­եակն է Ազ­գա­յին Սահ­մա­նադ­րու­թեան հաս­տատ­ման եւ գոր­ծադր­ման: 1863-ի Մար­տի 17-ին, օս­ման­եան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կը հաս­տա­տէ­ին անոր )հոգ չէ թէ մաք­րաջր­ուած( յօդ­ուած­նե­րը եւ ան կը դրուէր գոր­ծադ­րու­թեան:

Հայ իրա­կա­նու­թեան մէջ առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով, բա­ցար­ձա­կա­պէ՛ս առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով, ան­հատ հա­յը կ՛ու­նե­նար քուէի իրա­ւունք, կ՛ու­նե­նար իր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը ընտ­րե­լու իրա­ւունք եւ, մա­նա­ւանդ, կ՛ու­նե­նար իր տե­ղա­կան հար­ցե­րը ի՛ր կող­մէ ընտր­ուած մար­մին­նե­րու կող­մէ տնօ­րի­նե­լու իրա­ւունք: Եւ կ՛ու­նե­նար իր ընտր­եալ­նե­րէն հա­շիւ պա­հան­ջե­լու իրա­ւունք:

Ազ­գա­յին Սահ­մա­նադ­րու­թեան գոր­ծադ­րու­թիւնը Օս­ման­եան կայս­րու­թեան տա­րած­քին ան­շուշտ չե­ղաւ հե­զա­սահ: Եւ չէր ալ կրնար ըլ­լալ: Օս­ման­եան կայս­րու­թիւնը այն մի­ջա­վայ­րը չէր, ուր օրէն­քի գե­րիշ­խա­նու­թիւնը պի­տի տի­րէր:

Սա­կայն փաստն այն է, որ օր­ուան լու­սա­ւոր­եալ մտա­ւո­րա­կա­նու­թիւնը` Ռու­սին­եան­նե­րը, Օտ­եան­նե­րը, Պալ­եան­նե­րը, Սեր­վի­չէն­նե­րը, Աղա­թոն­նե­րը, Իւ­թիւճ­եան­ներն ու բա­զում այլ ազ­գա­յին­ներ, կրցաւ օգտ­ուիլ կայս­րու­թեան վրայ փչող բա­րե­նո­րոգ­չա­կան թե­թեւ հո­վէն, ժա­մա­նա­կա­ւո­րա­պէս բաց­ուած այդ փոք­րիկ պա­տու­հա­նէն, եւ հաս­տա­տել տուաւ փաս­տա­թուղթ մը, որ ան­կախ իր գոր­ծադ­րու­թեան առ­ջեւ ցցուած խո­չըն­դոտ­նե­րէն, ան­կախ նոյ­նիսկ իր գո­յու­թե­նէն )ան առ­կախ­ուած էր 1896-էն 1908, եւ ապա 1915-էն սկսեալ(, հիմ­նո­վի՛ն պի­տի յե­ղա­փո­խէր հա­յու­թեան կեան­քը:

Ազ­գա­յին Սահ­մա­նադ­րու­թեան բե­րած ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան եւ, մա­նա­ւանդ, ազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րու վա­րէն վեր բարձ­րա­ցող շէն­քի սկզբունք­նե­րը, որոնք կարճ ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին ար­մա­տա­ւոր­ուե­ցան հայ ան­հա­տի հո­գե­բա­նու­թե­նէն ներս, ան­փո­խա­րի­նե­լի դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­ցան յատ­կա­պէս յետ-եղեռն­եան քա­ո­սէն կարճ ժա­մա­նա­կի մէջ կազ­մա­կերպ գա­ղութ­նե­րու առա­ջաց­ման աշ­խա­տան­քին մէջ:

Փոր­ձե­ցէ՛ք պատ­կե­րաց­նել Սփիւռ­քի կազ­մա­կեր­պու­մը առանց այդ սկզբունք­նե­րուն, առանց հա­մայնք­նե­րու ինք­նա­կա­ռա­վար­ման հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն. ամե­նահ­զօր երե­ւա­կա­յու­թիւնն ան­գամ բա­ւա­րար պի­տի չըլ­լայ: Եթէ այ­սօր օտար­նե­րը հի­ա­ցա­կան նա­խան­ձով կը նա­յին մեր կա­ռոյց­նե­րուն, եթէ այ­սօր մենք կրցած ենք թա­լէ­աթ­նե­րու վճի­ռը ի դե­րեւ հա­նել, եթէ ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն վե­րապ­րող խլեակ­նե­րը կրցան առանց այ­լե­ւայլ հո­գե­բան­նե­րու եւ traumatologue-նե­րու օգ­նու­թեան վե­րագտ­նել իրենց հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւնը եւ ոչին­չէն մեկ­նե­լով վե­րա­կանգ­նե­ցին հայ կեան­քը եւ, Սա­րո­յեա­նի բա­ռե­րով, “նոր Հա­յաս­տան“ներ ստեղ­ծե­ցին, մեծ մա­սամբ կը պար­տինք Ազ­գա­յին Սահ­մա­նադ­րու­թեան ոգի­ին, անոր բա­նա­ձե­ւած ան­հատ ազ­գա­յի­նի առողջ կեր­պա­րին:

Ճիշդ չէ՞ր ըլ­լար արդ­եօք, որ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեամբ մտա­հոգ­նե­րու բա­նա­կը, փո­խա­նակ ափ առ­նե­լու “քա­ղա­քա­կիրթ“ եր­կիր­նե­րու դռնե­րը եւ անոնց­մէ ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւն մու­րա­լու, պահ մը վե­րա­դառ­նար ակունք­նե­րուն եւ անհ­րա­ժեշտ դա­սե­րը քա­ղէր Ազ­գա­յին Սահ­մա­նադ­րու­թեան հե­ղի­նակ­նե­րու տես­լա­կա­նէն:

Ազ­գա­յին Սահ­մա­նադ­րու­թիւնը նուա­ճում մըն է, որուն 150-ամ­եա­կին վրա­յէն ան­կա­րե­լի է լռու­թեամբ անց­նիլ: Պէտք է զայն բարձ­րա­ձայն նշել, եւ, մա­նա­ւանդ, պէտք է առի­թը օգ­տա­գոր­ծել զայն ան­գամ մը եւս սեր­տե­լու հա­մար: Այ­սօր, երբ հա­մա­կար­գա­յին բա­րե­փոխ­ման խնդիր­ներ ու­նինք ազ­գո­վին, երբ կը փոր­ձենք մեր ազ­գա­յին կեան­քը վե­րա­կազ­մա­կեր­պել նոր պայ­ման­նե­րու տակ, հա­մաշ­խար­հա­յին ազ­գի պայ­ման­նե­րուն տակ, ան­նե­րե­լի սխալ պի­տի ըլ­լայ անոր յա­ջող կեն­սա­փոր­ձը ան­տե­սել եւ իյ­նալ այ­լե­ւայլ ան­հե­թե­թու­թիւն­նե­րու ետե­ւէն: Պատ­մու­թիւնը մե­զի պի­տի չնե­րէ այս ան­գամ:

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Մեկ մեկնաբանութիւն

  1. Պատահմամբ հանդիպեցայ այս յօդուածին, անոր հրապարակումէն աւելի քան մէկ տարի ետք։ Դժբախտաբար, հեղինակը իրաւունք ունի. Ազգային Սահմանադրութիւնը այն արժէքն է, որուն վրայ կառուցուած է մեր արդի պատմութեան շէնքը, եւ մենք, ինչպէս հայաստանցիները կ՚ըսեն, էշի ականջին քնած մնացինք։
    Ամօ՛թ մեզի եւ մանաւանդ ամօթ իրենք զիրենք ղեկավար կարծողներուն։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button