Մշակութային Տէր Զօրը
Արթնցայ անապատին մէջ․․․ շուրջս ոսկոր ու աճիւն,
Բազմաթիւ դիակներ բայց ոչ մի կաթիլ արիւն։
Ի՞նչպէս կայ այսքան մարդ մահացած,
ի՞նչ էր պատճառը, ի՞նչ էին ըրած։
Կ՚ըլլա՞ր որ ջարդ կատարուած էր,
Կամ լուրջ հիւանդութի՞ւն։
Ի՞նչպէս հոս գտնուած էի կորսուած, առանց յիշողութեան։
Սկսայ հեռանալ, ուղղութիւնս մնաց բախտիս,
Պիտի շարունակէի անդադար մինչեւ գտնէի ջուր ու հաց։
Արեւին տակ քալելով լեզուս չորցաւ,
Եւ այդ վայրկեանին վերյիշեցի։
Ես Ամերիկա կը գտնուէի,
շուրջիններս չէին մահացած։
Բայց այդ ջարդը ճերմակ ջարդ եր, հիւանդութիւնը` օտարութիւն։
Ես չէի կորսուածը․․․ իրենք էին՝ առանց յիշողութեան։
Եկած էին այս երկիրը ընդունելով օտարութիւն,
Գին մը վճարած էին, այդ գինը՝ ազգ եւ անուն։
Հարիւր տարի ետք, Տէր Զօրի մեր ոսկորները դեռ հոն են,
Սակայն Ամերիկայի անապատին մէջ․․․կը մահանան առանց աճիւնի։


