Լրահոս

Միրզոյեան – Փելոսի Հանդիպում

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Յուլիս 16-ին, Խորհրդարանական ղեկավարութեան գիտաժողովին, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան հանդիպում ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Նենսի Փելոսիի հետ:

Միրզոյեան ներկայացուց Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող զարգացումները եւ շնորհակալութիւն յայտնած Նենսի Փելոսիին` հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն մէջ տարիներ շարունակ ունեցած աւանդին համար:

Հանդիպումի ընթացքին կողմերը քննարկեցին երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր: Ներկայացուցիչներու տան նախագահը կարեւոր նկատեց Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ժողովրդավարական փոփոխութիւնները:

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button