Լրահոս
Միրզոյեան Փաշինեանին Կը Տեղեկացնէ, Թէ Թուրքիոյ Սահմանը Բացուած Է
ԵՐԵՒԱՆ․- 12 Մայիսի առաւօտեան Շէնգաւիթի մէջ նախընտրական քարոզարշաւի ընթացքին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ականջին փսփսաց, թէ թուրքերը բացած են սահմանը։ Այս փսփսուքը լսուեցաւ Փաշինեանի վրայ տեղադրուած բարձրախօսին պատճառաւ։

