Ճակատագրական Ընտրութիւն
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
Ինչպէս յայտնի է, Հայաստան կը պատրաստուի Ազգային Ժողովի ընտրութիւններուն, որոնք պիտի կայանան 7 Յունիսին: Ընտրութիւնը համամասնական դրութեամբ է, այսինքն` ընտրողները կը քուէարկեն ի նպաստ ցուցակներու: Ցուցակները կրնան ներկայացնել առանձին կուսակցութիւններ կամ կուսակցութիւններու դաշինքներ: Խորհրդարան մուտք ունենալու համար առանձին կուսակցութիւն մը պէտք է ապահովէ քուէներու չորս տոկոսը (4%), իսկ դաշինքը` ութ տոկոս (8% ): Կը կարծուի, որ ընտրութեան ներկայացող ցուցակներէն միայն չորսը կամ հինգը միայն հնարաւորութիւն ունին նուաճելու խորհրդարան մուտքի շէմը: Ազգային ժողովը ունի նուազագոյնը հարիւր անդամներ (պատգամաւորներ): Իւրաքանչիւր շէմը յաղթահարող ցուցակէն ընտրուած կը նկատուին ստացած քուէներուն համեմատութեամբ թեկնածուներ: Օրինակ. եթէ ցուցակը ստացած է 15 առ հարիւրը քուէներուն, կ՛ունենայ 15 պատգամաւոր: Ի՞նչ կը պատահի սեմը չյաղթահարած ցուցակներու ձայներուն: Ընտրական օրէնքին համաձայն, այդ ձայները համամասնական եղանակով կը բաշխուին յաղթական ցուցակներուն, որոնց ստացած ձայներու համեմատութիւնը կը բարելաւուի: Մեկնաբանութեան մը մէջ կարդացի, որ ընտրական օրէնքին մէջ փոփոխութիւն կատարուած է. ըստ այս փոփոխութեան, շէմը չյաղթահարած ձայները կը զեղչուին եւ համեմատական հաշիւը կը կատարուի յաղթահարածներու ընդհանուր գումարը 100 առ հարիւր համարելով: Ասիկա ստուգելի է ամենայն դէպս:
Պաշտօնական ընտրաշաւը կը տեւէ մէկ ամիս. 8 Մայիսէն 5 Յունիսի կէս գիշերը: Մամուլը պարտաւոր է բոլոր մասնակիցներուն քարոզչութեան համար հաւասար ժամանակ տրամադրել: Կարելի է նաեւ վճարովի ժամանակ ունենալ: Ընտրութեան գլխաւոր մասնակիցները` «Հայաստան» դաշինք, «Ուժեղ Հայաստան», «Բարգաւաճ Հայաստան», Քաղաքացիական պայմանագիր, կը շրջին մարզերը եւ Երեւանի համայնքները եւ ընտրական հաւաքներ կ՛ունենան, յաճախ նաեւ շրջաններու ընտրողներուն հետ զրոյցներ կատարելով: Ականատես կ՛ըլլանք նաեւ թէժ վիճաբանութիւններու:
Այս ընտրութիւնները տեղի կ՛ունենան գործող իշխանութիւնները հրաժարման մղելու բազմաթիւ փորձերէն ետք: Իշխանութիւններու քաղաքականութենէն դժգոհ քաղաքական ուժեր բողոքի յաջորդական շարժումներ կատարեցին, սակայն իշխանութիւնները` կրթնած իրենց խորհրդարանական երկու երրորդը գերազանցող մեծամասնութեան վրայ, ոչ միայն արհամարհեցին կրկնուող դժգոհութիւնները, այլ նաեւ դիմեցին զսպողական ծայրայեղ միջոցներու` ձերբակալութիւններու, բանտարկութիւններու եւ դատական հետապնդումներու: Պարտութեան, Արցախի պարպումին, հողային կորուստներուն, հազարաւորներու մահերուն պատասխանատուութիւնը պարտկելու համար, առաջ քաշուեցան «խաղաղութեան խաչմերուկ», «ժողովրդավարութեան պասթիոն (ամրոց)», «Իրական Հայաստան» եւ նմանատիպ այլ կարգախօսներ: Ժխտուեցան խորհրդանիշեր, Հայոց ցեղասպանութիւնը կասկածի մատնուեցաւ, Հայ դատը ուրացումի ենթարկուեցաւ, պահանջատիրական շարժումները, հին եւ նոր, օտարի թելադրանք նկատուեցան: Ըսուեցաւ, որ Արցախը մեր վիզէն կախուած թոկ (պարան) էր. Արցախը կորսնցուցինք, սակայն… շահեցանք Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը:
Ընտրական բանավէճը բնականաբար այս թեմաներուն շուրջ կը կայանայ: Ժխտումի հետեւողական մագլցումին մէջ աստիճան մը եւս բարձրանալով, ընտրարշաւի առաջին օրը, Սիւնիքի մէջ, Նիկոլ Փաշինեան հաւաստիացուց, որ Արցախը երբեւէ մերը չէ եղած եւ թէ այնտեղ ոչինչ կառուցած ենք, ոչինչ ստեղծած ենք: Նոյն Նիկոլ Փաշինեանը կը յաւակնի ըսել, որ Ղարաբաղեան շարժումը, որ սկսած է 1988-ի փետրուարին, ճակատագրական սխալ եղած է:
Ահաւոր պարտութենէ մը ետք, մեծաթիւ կորուստներէ ետք պահ մը կանգ առնելն ու վերակազմակերպուիլը հասկնալի երեւոյթ է: Պարտութեան արդիւնքը յաղթանակ նկատելը եւ խաբուսիկ խաղաղութեան մը անունով ազգային իրաւունքներէն հրաժարիլ, պատմութիւնը վերախմբագրել, հայութեան դարաւոր ձգտումները թիրախաւորել ոչ միայն անընդունելի են, ոչ միայն պախարակելի են, դաւաճանութիւն են մարդկային հաւաքականութիւն մը ազգի վերածող ձգտումներուն եւ հաւաքական գիտակցութեան նկատմամբ:
Եկող ընտրութիւնները ճակատագրական նշանակութիւն ունին Հայաստանի եւ համայն հայութեան համար:

