Լրահոս

Թուրք Լրագրողներ` Գիւմրիի Մէջ

 


Երեւանի մէջ կայացած Եւրոպական քաղաքական համայնքի վեհաժողովին եւ «Երեւանեան երկխօսութեան» մասնակցելէ ետք, թուրք լրագրողներ, այցելեցին Գիւմրի։

Անոնք այցելեցին Գիւմրի-Կարս երկաթուղիի տարածք, ուսումնասիրեցին երկաթուղիի վերագործարկման հեռանկարները եւ տեղւոյն վրայ խօսեցան անցակէտի բացման կարեւորութեան մասին։

Հայաստան-Թուրքիա սահմանին անոնք հանդիպում ունեցան Գիւմրիի լրագրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Բարսեղեանին հետ եւ քննարկեցին սահմանի բացման կարեւորութիւնը։ Բարսեղեան նշեց, որ սահմանի վերաբացումը կրնայ մեծապէս ազդել երկու երկիրներու առեւտուրի եւ յարաբերութիւններու զարգացման վրայ։ Ան աւելցուց, որ Ախուրիկի կայարանը Պաղ պատերազմի շրջանին երկաթուղային ցանցի մաս կազմած է, եւ այդ կայարանը Հայաստանէն Թուրքիա տանող վերջին կէտն է եւ հոնկէ Եւրոպա տանող ճամբու վերջին կայարանն է։ Ան նաեւ յիշեցուց, որ այս երթուղին գործած է խորհրդային տարիներուն եւ անկէ ետք բաց մնացած է մէկ տարի՝ 1992-93-ին։

 

 

Advertisement Subscribe Today

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button