
Հ.Մ.Ը.Մ.ական եղբայր Ռազմիկ Պօղիկեան կրտսեր զաւակն է ընկ. ընկհ. Օննիկ եւ Նուէր Պօղիկեաններու: Ծնած՝ Պէյրութ, Յուլիս 4, 1968ին: 1969ին, հազիւ մէկ տարեկան, ան փոխադրուած է Միշիկին նահանգի Տիթրոյթ քաղաքը: Ռազմիկ Պօղիկեան սկզբնական տարիներուն յաճախած է Հ.Օ.Մ.ի Տիրպորն քաղաքի ամէնօրեայ վարժարանը: Ապա Սաութֆիլտ քաղաքի Հ.Բ.Ը.Մ.ի ,Ալէք եւ Մարի Մանուկեան» ամէնօրեայ երկրորդական վարժարանը, որը աւարտած է 1986ին, լաւ յիշատակութեամբ:
198688.ը յաճախած է Միշիկըն համալսարանի Տիրպորն քաղաքի մասնաճիւղը: 1989ին, ընդունուած է Տիթրոյթի համալսարանը: Հետեւած է Մարզիչի դասընթացքներուն: Համալսարանի Սուսերամարտի մրցումներուն, ան խլած է թէ՛ խմբային եւ թէ՛ անհատական առաջնութիւնը:
1991ին, վկայուած է փայլուն մարզիչի վկայականով: Եղբայր Ռազմիկ չբաւականանալով պարզ մարզիչի մը վկայականով, 1992ին, հետեւած է Ուէյն համալսարանի մարզիչի դասընթացքներուն: Վկայուած է բացառիկ յիշատակութեամբ արժանանալով մագիստրոսի տիտղոսի:
Ստորեւ, հարցազրոյց մը կատարուած Ռազմիկ Պօղիկեանի հետ.
Հ. Ի՞նչ էր, որ քեզ մղեց հետեւելու մարզական ասպարէզ:
Պ. Փոքր տարիքէս կը սիրէի ըլլալ համբաւաւոր մարզիկ մը, եւ յատկապէս ըլլալ մարզիչ: Ծնողքս զիս արձանագրեց Տիթրոյթի Հ.Մ.Ը.Մի գայլիկ, եւ ապա երբ անցայ սկաուտական շարքերը, մաս կազմեցի Հ.Մ.Ը.Մ.ի ոտնագնդակի եւ վոլի պոլի կազմերուն, եւ պատեհութիւնը ունեցայ մասնակցելու Հ.Մ.Ը.Մ.ի, Ա.Մ.Ն.ի Արեւելեան շրջանի շրջանային վարչութեան կազմակերպած միջմասնաճիւղային Նաւասարդեան տարեկան մարզական խաղերուն: Որպէս ոտնագնդակի եւ Վոլի Պոլի տիպար մարզիկ, արժանացայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային վարչութեան կողմէ տրամադրուած յուշամետալին: Նոյնպէս Հ.Բ.Ը.Մ. ,Ալէք եւ Մարի Մանուկեան» երկրորդական ամէնօրեայ վարժարանին մարզական մրցումներուն, որպէս ոտնագնդակի լաւագոյն մարզիկ արժանացած եմ դպրոցի տնօրէնութեան տրամադրած յուշամետալին: Զոյգ մետալները զետեղած եմ ննջարանիս պատին վրայ, որոնք մղիչ ուժ հանդիսացան հետեւելու մարզական ասպարէզ:
Հ. Տիթրոյթի Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղին մէջ ստանձնա՞ծ էք որեւէ պաշտօն:
Պ.198993ին մաս կազմեցի Հ.Մ.Ը.Մ.ի վարչութեան, միեւնոյն ժամանակ ստանձնելով Հ.Մ.Ը.Մի աղջկանց վոլի պոլի խումբի մարզիչի պաշտօնը: Երկար եւ յարատեւ հետեւողական ու խմբային մարզումներէ ետք, մասնակցեցանք Հ.Մ.Ը.Մի Ա.Մ.Ն.ի Արեւելեան շրջանի միջմասնաճիւղային Նաւասարդեան մրցախաղերուն, եւ խլեցինք աղջկան վոլի պոլի ախոյեանութիւնը:
Հ.Որպէս մարզիչ որ վարժարանի մէջ ստանձնեցիր մարզիչի ուսուցչական պաշտօնը:
Պ. Երբ համալսարանէն շրջանաւարտ եղայ, դիմեցի կարք մը պետական նախակրթարան, միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարանները, եւ շուտով ընդունուեցայ Սաութֆիլտ քաղաքի պետական նախակրթարան դպրոցը: Քանի մը տարի պաշտօնավարելէ ետք, ընդունուեցայ դարձեալ Սաութ Ֆիլտ քաղաքի պետական երկրորդական վարժարանը: Հոն եւս հինգ տարի պաշտօնավարելէ ետք, այժմ նոյն քաղաքի մէջ կը պաշտօնավարեմ պետական միջնակարգ վարժարանը: 23 տարիներէ ի վեր, որպէս մարզանքի ուսուցիչ կը պաշտօնավարեմ Սաութֆիլտի պետական վարժարաններուն մէջ:
Հ.Ի՞նչպէս մուտք գործեցիք Կօլֆ մարզախաղի ասպարէզին մէջ:
Պ. Մեծ եղբայրս Տիգրան Պօղիկեան, որ նոյնպէս Հ.Մ.Ը.Մ.ական է, միասին ժամանցի համար սկսանք կոլֆ կիրարկել: Այս մարզախաղը հետզհետէ զիս աւելի հետաքրքրեց ու ոգեւորեց, եւ սկսայ աւելի սերտուած հետեւիլ խաղաոճին թեքնիքներուն: Փորձարական շրջանէ մը ետք, սկսայ մասնակցիլ սկսնակ կազմերու մրցաշարքին, եւ ձեռք ձգեցի կօլֆ մարզախաղի առաջին բաժակս: Որոշ փորձառութիւն ձեռք ձգելէ ետք, մասնակցեցայ աւելի բարձր եւ որակաւոր մակարդակի մրցոյթներուն:
2003ին, եւ 2007ին, Միշիկըն Նահանգի ժողովրդային կօլֆ մարզախաղի մրցումներուն նուաճեցի երկրորդ դիքը: Սակայն, այդքանով չբաւարարուեցայ, եւ վճռեցի այնպայման նուաճել առաջնութիւնը: Երկար եւ հետեւողական մաքառումներէ ետք 2014ին, հասայ նպատակիս ու նուաճեցի առաջնութիւնը, եւ որպէս տարուայ ախոյեան, Միշիկն Նահանգի Ժողովրդային կօլֆ մարզախաղի յանձնախումբին կողմէ տրամադրուած բաժակին վրայ արձանագրուեցաւ անունս, զայն մէկ տարի պիտի պահեմ, ապա, 2015ին զայն պիտի յանձնեմ յանձախումբին:
Միշիկըն Նահանգի կօլֆի ախոյեանութեան տիրանալէ ետք, մասնակցեցայ Լիվոնիա քաղաքի քաղաքապետութեան կողմէ կազմակերպուած մրցաշարքին: Խլեցի առաջնութիւնը, եւ արժանացայ քաղաքապետութեան տրամադրած բաժակին:
Հ.Ե՞րբ հիմնուած է Միշիկըն Նահանգի կօլֆի մեծագոյն մրցաշարքը:
Պ. 1955էն ի վեր կը կազմակերպուի այս մրցաշարքը: Ամէն անհատ որ կը փափաքի մասնակցիլ Մրցոյթին կը մասնակցի մրցախաղի մրցորթին: Առաջնութիւնը շահողը անձը կþարժանանայ մրցախաղի կազմակերպիչ յանձնախումբին կողմէ տրամադրուած բաժակին, որուն վրայ կþարձանագրուի անհատին անունը: Այդ բաժակը մէկ տարի կը մնայ ախոյեանութիւնը շահող անձին մօտ, պայմանաւ՝ յաջորդ տարին զայն պէտք է յանձնէ կազմակերպիչ յանձնախումբին:
Ռազմիկ Պօղիկլեան առաջին հայ մարզիկն է որ, 2001 թուականէն սկսեալ մասնակցած է Միշիկըն Նահանգի կօլֆի մրցումներուն: Ան 2003ին եւ 2007ին, նուաճած է ախոյեանութեան երկրորդ դիրքը, բայց հոգեպէս այդքանով չէ բաւարարուած, հայու աննկուն հաւատքով, եւ վճռական հետեւողական աշխատանքներէ ետք, եւ համաձայն իր անունին, 2014ին, կրցաւ իրականացնել իր տարիներու երազը նուաճելով մրցախաղի առաջնութիւնը արժանանալով ախոյեան տիտղոսին, եւ մրցաշարքին տրամադրուած բաժակին վրայ արձանագրելով իր անունը:
Կը շնորհաւորենք Եղբայր Ռազմիկի արձանագրած փայլուն յաղթանակները, նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք, եւ վստահ ենք որ իր յաղթական երթը շարունակէ, եւ յառաջիկային մասնակցի միջազգային կոլֆի մարզախաղերուն, եւ իր անունը կþարձանագրէ ախոյեաններու շարքին, եւ այդ ճամբով իր ներդրումը կը բերէ:
ԱՆԴՐԱՆԻԿ
ԳԱՐԱՏՕԼԵԱՆ