
ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ
vproodian@gmail.com
«Աբրահամ Լինքընը մեզ պատերազմէն հաշտութեան տարաւ՝ վեր կանգնելով քաղաքականութենէն եւ նոր էջ բանալով մեր պատմութեան մէջ: Հայաստանի կամ Ատրպէյճանի մէջ կա՞յ արդեօք խիզախ Աբրահամ Լինքըն մը, որ կրնայ խաղաղութիւն եւ հաշտութիւն բերել: Տարածաշրջանի ժողովուրդները պատրա՞ստ են խաղաղ, ապահով ու բարգաւաճ ապրելու»:
Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմզ Ուորլիք այս յայտարարութիւնը տարածած է Instagram-ի միջոցով, ինչպէս կը հաղորդէր «Երկիր» կայքը, առջի օր՝ Հինգշաբթի (Սեպտեմբեր 10):
Ճիշդ է, որ Աբրահամ Լինքըն նոր եւ անկիւնադարձային էջ մը բացաւ Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ՝ առաջին հերթին, ջնջելով ստրկատիրական համակարգը: Մինչեւ 1861, ստրկատիրութիւնը «բնական» երեւոյթ էր Լինքընի ղեկավարած երկրին մէջ: Հարաւային նահանգներու տնտեսութիւնը (յատկապէս երկրագործական բնագաւառը) հիմնուած էր ձրի աշխատուժի վրայ, այսինքն Ափրիկէէն բռնի կերպով Նոր աշխարհ բերուած ստրուկներու աշխատուժին վրայ:
Լինքըն ապօրինի հռչակեց ստրկատիրութիւնը, ջնջեց այդ համակարգը եւ ոչ միայն հաւար յառաջացաւ, այլեւ քաղաքացիական պատերազմ շղթայազերծուեցաւ հարաւի եւ հիւսիսի նահանգներուն միջեւ, որ վերջ գտաւ ստրկատէր հարաւային նահանգներու պարտութեամբ:
Լինքընի ըրածը ուրիշ բան չէր եթէ ոչ արդարութեան վերահաստատում: Անարդար համակարգ մը ջնջելով եւ արդարութիւնը վերահաստատելով էր միայն, որ Լինքըն (Ուորլիքի բառերով) կրցաւ «նոր էջ» բանալ Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ: Հոս բանալի բառը, ինչպէս դիւրութեամբ նկատեցիք, ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆՆ է:
Ուրեմն, Ուորլիքի առաջին հաստատումին ոչ սպառիչ պատասխանը տուինք: Անցնինք իր միւս հարցադրումներուն:
Ուորլիք կ՛ըսէ, թէ «մեզմէ դաս առէք, տէսէք թէ ինչպէս մեր Լինքընը խիզախ քայլ մը առաւ, դուք եւս, Պաքուի եւ Երեւանի մէջ, պէտք է նման խիզախ քայլ մը առնէք»:
Քանի որ մըսթըր Ուորլիք կը սիրէ պատմութենէն դասեր սփռել «մի աջ, մի ձախ», մենք ալ իրեն որոշ տեղեկութիւններ տանք Արցախին առնչուած պատմութենէն: Արցախը Ատրպէյճանին կցուեցաւ Ստալինի որոշումով՝ անարդար կերպով: Խորհրդային Հայաստանի ղեկավարութիւնը փորձեց սրբագրել տալ այս անարդարութիւնը, թէ՛ Համաշխարհային Բ. պատերազմի աւարտէն ետք, եւ թէ Անտոն Քոչինեանի օրերուն (Պրեժնեւի ժամանակաշրջանին), թէեւ՝ առանց փողի ու թմբուկի: Ի զուր: Խորհրդային Միութեան մէջ չգտնուեցաւ Լինքըն մը, որ կարենար այս բացայայտ անարդարութիւնը սրբագրել:
Հայութիւնը անգամ մը եւս փորձեց արդարութիւնը վերահաստատել, այս անգամ 1988ին եւ արեան գնով յաջողեցաւ, ի հեճուկս անարդարութեան կողմնակիցներուն:
Մըսթըր Ուրլիք, հիմա, որ արդարութիւնը վերահաստատուած է (թէեւ ոչ ամողջութեամբ), ի՞նչ կ՛առաջարկէք մեզի, ի՞նչ կը փնտռէք Երեւանի մէջ: Հայ Լինքը՞ն մը: Բայց մեր Աբրահամ Լինքընները (թիւով քանի մը հազար) իրենց արդար գործը կատարած են եւ այժմ կը հանգչին Եռաբլուրի մէջ: Լինքընի փնտռտուքը պէտք է կատարէք Պաքուի՛, ոչ թէ Երեւանի մէջ:
Յարգելի ամերիկացի դիւանագէտը նաեւ հարց կու տայ, թէ արդեօք տարածաշրջանի ժողովուրդները (այսինքն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի) պատրա՞ստ են խաղաղ, ապահով ու բարգաւաճ ապրելու: Ահաւասիկ լափալիսեան ու նոյնքան հռետորական հարցադրում մը: Ո՞վ չ՛ուզեր «խաղաղ, ապահով ու բարգաւաճ» ապրիլ: Կա՞յ մէկը (կամ ժողովուրդ մը), որ պատերազմը կը նախընտրէ խաղաղութենէն. կա՞յ մէկը որ անապահովութիւնն ու անկէ ծնած չարիքները նախընտրէ ապահովութենէն. կա՞յ մէկը, որ խեղճուկրակ ու յետամնաց կեանքը նախընտրէ բարգաւաճ կեանքէն: Ապահովութիւնը, խաղաղութիւնն ու բարգաւաճումը ունին հիմնական նախապայման մը: Այդ ալ (կռահեցիք անշուշտ) արդարութիւնն է:
Այնպէս որ, եթէ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրները (ներառեալ Ուորլիքի ներկայացուցած Միացեալ Նահանգները), տարածաշրջանի ապահովութեամբ, խաղաղութեամբ ու բարգաւաճումով մտահոգ են, թող օրինակ առնեն Աբրահամ Լինքընէն, որ արդարութիւն հաստատելու ճամբով յաջողեցաւ նոր էջ մը բանալ Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ:
Ըսինք արդէն, որ Ուորլիքի վերոնշեալ յայտարարութիւնը ոչ միայն հռետորական է, այլեւ՝ սխա՛լ:
Dear Mr. James Warlick, It’s time for peace:
During the Soviet era they couldn’t find a personality like Abraham Lincoln but in Armenia they were people thinking like Lincoln, unfortunately there was no listeners in Russia, only one way talkers and giving orders, that was the Soviet system. In USA, North and South they have the same language and faith. In case of Armenia vs Azerbaijan they have different language, faith and culture. This is the core of the problem. Plus according to the vice minister of defense Vahan Shirghanyan in 1994 the Azeris they were pleading to us don’t take over Baku, we are going to give you what you want. Unfortunately they forgot about that promise. They have memory problem. Those are historical facts. Thank you. I wish you success in your mission.