ՄԵՔՍԻՔԱՅԻ ՄԷՋ ԶԵՏԵՂՈՒԱԾ ԱԼԻԵՒԻ ԱՐՁԱՆԸ ՎԵՐՑՈՒԱԾ… ՈՐՊԷՍ ԱՆԲԱՂՁԱԼԻ ՏԱՐՐ

0 0
Read Time:4 Minute, 4 Second

MEX STATUE  ՄԵՔՍԻՔՕ ՍԻԹԻ .- Շաբաթ, Յունուար 26-ի վաղ առաւօտեան, Մեքսիքոյի մայրաքաղաքին կեդրոնական շրջաններուն մէջ գտնուող, հանրածանօթ Chapultepec զբօսայգիին մէջ զետեղուած Ատրպէյճանի նախկին մենատէր Հայտար Ալիեւի արձանը, վերցուեցաւ եւ փոխադրուեցաւ կառավարութեան տրամադրութեան տակ գտնուող մթերանոց մը:

Անցեալ Օգոստոսին տեղադրուած, այս վիթխարի արձանը, առաջին օրէն իսկ  զարմանք յառաջացուցած էր քաղաքի բնակիչներուն մօտ: Որոշում առնուած էր նաեւ, վերցնել Tlaxcoaque հրապարակին մօտ տեղադրուած, Խոճալուի յուշարձանին վրայ “ցեղասպանութիւն“ բառը:

Յունուար 20ին, Ալիեւի արձանին դիմաց մարդկային իրաւունքներու պաշտպան աւելի քան յիսուն ցուցարարներ, բողոքի ցոյց մը կատարած էին` ընդդէմ վերոյիշեալ երկու արձաններուն:

Մայրաքաղաքի քաղաքապետարանը Յունուար 22ին կատարուած պաշտօնական յայտարարութեամբ մը, վերջնականացուցած էր արձանը զբօսայգիէն վերցնելու որոշումը, որ Ատրպէյճանի եւ Մեքսիքոյի իշխանութեանց միջեւ լարուածութիւն յառաջացուցած էր: Նոյնիսկ Պաքու սպառնացած էր խզել դիւանագիտական կապերը Մեքսիքոյի հետ եւ դիմել միջազգային դատարան:

Արձանը տեղադրելու համար, Ատրպէյճան հինգ միլիոն տոլար տրամադրած էր, շրջանի այգիներու վերանորոգման աշխատանքներուն համար:

Նախկին քաղաքապետ Մարսելօ Էպրարտի անցեալ տարուայ Նոյեմբերին յայտարարած էր, որ Ալիեւի յուշարձանի հետ կապուած հակասութիւնները կրնային դիւանագիտական աղմուկ բարձրացնել. “Ես այս հարցը կը դիտեմ որպէս միջազգային յարաբերութիւններու հարց“ յայտնած էր ան, փորձելով կանխել յուշարձանի տեղափոխման որոշումը:

``Կը փափաքինք, որ Հայտար Ալիեւի յուշարձանը վերցուի եւ այդ գործակցութիւնն ու պայմանագիրը կասեցուի: Պատճառը յստակ է. որեւէ քաղաքային իշխանութեան կամ որեւէ դաշնային կառոյցի կողմէ վտանգի տակ պէտք չէ որ դրուի երկիրի միջազգային հեղինակութիւնն ու ազգային արժէքները, որոնք կրնան պատահիլ, եթէ յուշարձաններ տեղադրուին այնպիսի անձնաւորութեանց համար, որոնք պաշտպանած արժէքները չեն համապատասխաներ 21րդ դարու արժէքներուն: Յստակօրէն, պարագան էր այս յուշարձանին եւ անոր ետին կանգնող անձին՛՛, կը յայտնէ Մեքսիքայի  Խորհրդարանի պատգամաւոր` Ատրիանա Կոնսալէս:
“Կը փափաքինք, որ Հայտար Ալիեւի յուշարձանը վերցուի եւ այդ գործակցութիւնն ու պայմանագիրը կասեցուի: Պատճառը յստակ է. որեւէ քաղաքային իշխանութեան կամ որեւէ դաշնային կառոյցի կողմէ վտանգի տակ պէտք չէ որ դրուի երկիրի միջազգային հեղինակութիւնն ու ազգային արժէքները, որոնք կրնան պատահիլ, եթէ յուշարձաններ տեղադրուին այնպիսի անձնաւորութեանց համար, որոնք պաշտպանած արժէքները չեն համապատասխաներ 21րդ դարու արժէքներուն: Յստակօրէն, պարագան էր այս յուշարձանին եւ անոր ետին կանգնող անձին՛՛, կը յայտնէ Մեքսիքայի Խորհրդարանի պատգամաւոր` Ատրիանա Կոնսալէս:

  Նշենք թէ, օրին Մեքսիքայի դաշնակցային վարչական դատարանը մերժած էր Ատրպէյճանի դեսպանութեան բողոքը, որուն նպատակն է կասեցնել մայրաքաղաքի զբօսայգիներէն մէկուն մէջէն Հայտար Ալիեւի յուշարձանը վերցնելու քայլերը:
Նկատի ունենալով նման բռնատէրի մը արձանին դէմ բարձրացած բողոքի ալիքը` Մեքսիքայի խորհրդարանը Ալիեւի յուշարձանը տեղափոխելու հարցը քննարկելու համար կազմած էր յատուկ յանձնաժողով մը, որ իշխանութիւններուն խորհուրդ տուած էր Ալիեւի յուշարձանը տեղափոխել այլ վայր մը, որմէ ետք Ատրպէյճանի դեսպանատունը բողոք ներկայացուցած էր:
Պաքու անուղղակիօրէն նաեւ սպառանաց կասեցնել Մեքսիքայի մէջ իր ներդրումները եւ նոյնիսկ խզել դիւանագիտական յարաբերութիւնները:
Պաքու, միաժամանակ, յուշարձանի հրապարակին վերակառուցման համար հինգ միլիոն տոլար նուիրած էր քաղաքին:

Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց նախարարութեան բանբեր Էլման Ապտիւլաեւ յայտնած էր, թէ Մեքսիքա պէտք է յարգէ Ատրպէյճանի նախկին նախագահ Հայտար Ալիեւի արձանը Մեքսիքօ Սիթիի մէջ առնուազն 99 տարի պահելու համաձայնութեան պայմանները` արձանը երկու երկիրներու միջեւ բարեկամութեան խորհրդանիշ մը նկատելով:
Ան նաեւ յայտնած էր, թէ Մեքսիքայի մէջ ազերի ներդրումները կրնան կասեցուիլ, եթէ արձանը վերցնելու կապակցութեամբ խորհրդականական մարմինին որոշումը գործադրութեան մէջ դրուի:

Արձանը վերցնելու որոշումէն անմիջապէս ետք, Մեքսիքայի մօտ Ատրպէյճանի դեսպան Իլկար Մուխթարով աւելի յստակ սպառնալիքներ ուղղած էր տեղւոյն իշխանութեանց` ազդարարելով, թէ չորս միլիառ տոլարի հասնող ներդրումները կրնան ջնջուիլ: Ան նոյնիսկ սպառնացած էր Մեքսիքայի հետ դիւանագիտական կապերը խզել, սակայն աւելի ուշ մեղմացուցած էր իր դիրքը` խոստանալով հարցը քննել մայրաքաղաքի պաշտօնատարներուն հետ, “բարեկամական լուծում մը“ գտնելու նպատակով:
Ան նաեւ Հայաստանի իշխանութիւններն ու Մեքսիքա հաստատուած հայերը, ուղղակիօրէն պատասխանատու նկատած էր խեց Ալիեւի արձանին դէմ սկսած արշաւին:
Ըստ տարբեր աղբիւրներու` Ատրպէյճան 5էն 10 միլիոն տոլար նուիրած էր Մեքսիքայի իշխանութեանց` Ալիեւի արձանը եւ անոր շուրջ “Մեքսիքա-Ատրպէյճան բարեկամութեան զբօսավայրը“ կառուցելու նպատակով, սակայն այն պայմանով, որ արձանը 99 տարի հոն պահուի: Նշենք թէ, քանի մը օր առաջ, կազմակերպութեամբ Հարաւային Ամերիկայի Ատրպէյճանական միութեանց, տեղի ունեցած է նաեւ Ալիեւի արձանը վերցնելու որոշումին դէմ բողոքի ցոյց մը, որուն մասնակցած են ազերիներ եւ թուրքեր:

Մեքսիքայի քաղաքական հզօրագոյն կուսակցութիւնը` Ազգային շարժում կուսակցութիւնը, խորհրդարանին ներկայացուցած էր յուշարձաններու տեղադրման վերաբերեալ նախաձեռնութիւն մը: Կուսակցութեան նախաձեռնութիւնը ներկայացուած է Ատրպէյճանի նախկին նախագահ Հայտար Ալիեւի յուշարձանը մայրաքաղաքին մէջ տեղադրելու հարցին շուրջ ծագած հակամարտութեան լոյսին տակ: Առաջարկուած էր յուշարձաններու, հնագիտական, մշակութային, պատմական վայրերու դաշնակցային օրէնքի բարեփոխման նախաձեռնութեամբ, ստեղծել մասնագիտական խորհուրդ մը` կազմուած գիտնականներէ, պատմաբաններէ եւ մարդկային իրաւանց գործիչներէ, որոնք պիտի վերատեսութեան ենթարկեն դաշնակցային կառավարութեան, դաշնակցային շրջաններու, քաղաքապետարաններու եւ

նահանգներու կողմէ ստորագրուած յուշարձաններու տեղադրման վերաբերեալ համաձայնագիրները:

Հերաքրքրականը այն էր թէ, Միացեալ Նահանգներ հաստատուած ազերիներն ալ պահանջած էին վերցնել Ալիեւի արձանը: Անոնք նաեւ դէմ էին Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ այդ հարցով Մեքսիքայի վրայ պարտադրուող ճնշումներուն: Յատուկ հաղորդագրութեամբ մը, ամերիկայի ազերիները, յանուն ժողովրդավարութեան միութեան (AZAD) ղեկավար Էլմար Շախտախտինսքի, այս մասին նամակ մը գրած էր Մեքսիքօ Սիթիի քաղաքային իշխանութիւններուն` նշելով. “Իմ գլխաւորած կազմակերպութեան եւ բոլոր համախոհներուն անունով կ՛ողջունեմ Մեքսիքոյի կառավարութեան կողմէ ստեղծուած յանձնաժողովի սկզբունքային որոշումը, որով խորհուրդ տրուած է հանել քաղաքի կեդրոնական այգիներէն մէկուն մէջ տեղադրուած ատրպէյճանցի բռնապետ Հայտար Ալիեւի արձանը: Ես զայրացած եմ, որ ի պատասխան ձեր յանձնաժողովի այդ որոշման` ատրպէյճանական կառավարութիւնը հրապարակայնօրէն կը փորձէ սպառնալ Մեքսիքոյին, թէ կրնայ ետ պահանջել այգիին վերակառուցման համար ծախսուած գումարները, փակել Ատրպէյճանի դեսպանատունը եւ կասեցնել ներդրումները: Ես համոզուած եմ, որ Պաքուի իշխանութիւնները չեն կրնար վախցնել Մեքսիքօ Սիթիի քաղաքապետարանը, եւ ձեր քաղաքի հպարտ բնակիչները դէմ կը դնեն արտասահմանեան իշխանութեան մը կողմէ բանեցուող այն ճնշումներուն, որոնց նպատակն է բռնապետին յուշարձանը պահել իր տեղը: Ինչպէս նշած եմ իմ նախորդ նամակիս մէջ, Հայտար Ալիեւ այն մարդը չէ, որուն յուշարձանին արժանի ըլլայ Մեքսիքօ Սիթին: Ան եղած է ժողովրդավարութեան թշնամին, պատասխանատու է զեղծարարութեանց ու իր ժողովուրդի ազատութիւններու եւ իրաւունքներու կոպիտ խախտումներուն: Համոզուած եմ, որ մարդկային ազատութիւններն եւ իրաւունքները գնահատողները երախտապարտ պիտի ըլլան, եթէ ձեր գեղեցիկ քաղաքէն այդ արձանը վերցուի կարելի եղածին չափ շուտ“:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles