
ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
Հրովարտակ մը հսկայ
մեծ կնիքով
մեծապաստառ եւ ոսկետառ բառերով
լուսապայծառ տողերով
յայտարարեց՝ որ պիտ՛ շինենք
մեր ՏՈՒՆԸ․․․
Եւ եկանք մենք ազգովին՝
ճարտարապետ, գրագէտ,
քաղաքագէտ, պատմագէտ,
ամէնագէտ եւ տգէտ․․.
երազ ՏՈՒՆԸ շինելու։
Մենք ուզեցինք կառուցել աշխարհի հրաշալիքը վերջին,
որուն պիտ’ նախանձէին
եօթ գեղերը աշխարհի․․․
Եւ ճախրեցանք ազգովին․․․
Թափառեցանք մենք երկիրներnն օտարին
եւ գծեցինք քարտէզներու նոր եզրեր,
փնտռեցինք արդիական
շինանիւթերը բոլոր․․․
Պատրաստ էինք։
Եւ զրահուած՝
ինքնահաւան եւ դարաւոր հմայքով,
պատուիրեցինք աղիւս, սիւներ եւ սոսինձ։
Աղիւսն առինք
փոխարէնը մեր ինքնութիւնը տուինք։
Կուռ պողպատէ սիւներն առինք
վաճառելով․․․ մեր հողը․․․
Սոսինձն առինք
վճարելով՝
մեր լեզուն
պայքարելու մեր ոգին
եւ պատմութեան մեր արժէքներն դարաւոր․․․
Արիւն-քրտինք մենք մտանք
քաղաքագէտ, պատմագէտ,
բանիմաց եւ սին տգէտ
հնարամիտ, պարապմիտ․․․
Եւ տքնեցա՛նք, տքնեցա՛նք․․․
Կառուցեցինք օրն ի բուն՝
հրաշագեղ կառոյց մը
սին մտքերով փոսոտած ․․․
Աւարտեցինք մեր ՏՈՒՆԸ․․․
Հպարտ էինք՝ հիացա՜ծ այս կառոյցով աւարտած։
Տուած էինք աշխարհին հրաշալիքը վերջին։
Բայց…
երբ հեռուէն նայեցանք․․․
տեսանք
մեր ՏՈՒՆԸ․․․
ԾՈ՜ՒՌ է․․․
Ծռած վիզով նայեցանք․․․
Եւ հմայուած մեր գործով,
հպարտութեամբ մը կուրցած,
զարդարանքով շպարուած,
շեփորները ժանգոտած
հպարտութեամբ մենք շալկած,
խախտած, հիւանդ հաւատքով
ծանուցեցինք աշխարհին՝
«Աշխա՛րհն է ծուռ․․․
իսկ մեր ՏՈՒՆԸ․․․
միա՛կ շիտակ կառոյցը․․․»
Իսկ մեր ՏՈՒՆը,
-ՏՈՒՆԸ ՄԵՐ ՍՈՒՐԲ-
նայեցաւ լուռ
մե՜զ՝
զինք կառուցող հէ՜գ մարդկա՛նց։
Խոկա՛ց, լացա՛ւ․․
եւ արցունքներն սրբելով
մրմնջեց․
«Հէ՜ք զաւակներս կորուսեալ,
նոյն դարաւոր յանկերգն է որ դեռ կ՛երգէք․․․
Օ՜ր մը, գիտե՛մ,
պիտ՛ արթննաք թմբիրէն ձեր մոլուցքին
պիտի գտնէք խորհուրդը ձեր գոյոյթին*
եւ այն ատեն
գտնէք լոյսոյթը* թաքուն
յաւերժութեան գաղտնիքին․․․
Ահ, ա՛յն ատեն,
Հոգեհատո՛ր զաւակունք,
ա՛յն ատեն ձեր կուռ, անսակարկ ՈԳԻՈՎ
կառուցեցէք ձեր ՏՈՒՆը
ԱՊԱԳԱ՛ՅԻ ԵՐԱԶՈՎ․․․։
Երդիքին տակ իմ տաքուկ
դուք բազմացէ՜ք, աճեցէ՜ք,
որ միասին, նո՜ր շունչով,
նո՜ր խորհուրդով,
երգենք երգը անվրդով
նո՛ր ու պայծա՛ռ դարերով ․․․
Դէ՛, արթնցէ՛ք թունաւոր ձեր թմբիրէն։
Չէ՛, մի՛ կրկնէք փոսոտած
յանկերգը հին դարերու։
Ես կը սպասե՛մ․․․
կը սպասե՜մ․․․
լուսապայծառ այն օրուան
երբ դուք երբէ՛ք,
ծռած վիզով չնայիք իմ կառոյցին,
այլ հաւատքո՛վ, ինքնավստա՛հ ու հպա՛րտ
երգէ՛ք երգը, երգը ՆՈ՜Ր
վաղորդայնի դարերուն,
որ կը սպասէ ձեր գոյութեան լուսաւոր
երդիքիս տակ մենաւոր։
ԱՊԱԳԱՆ ՁԵ՛ՐՆ Է, ՈՐԴԵԱ՛ԿՔ,
ԵԹԷ ԴՈ՛ՒՔ ՁԵԶ ՃԱՆՉՆԱՔ ՝
ՁԵՐ ՍՈՒՐԲ ՀՈՂԻ ԿԱՆՉԻՆ ՄԷՋ․․․:
ՁԵՐ ՏՈՒՆԸ ՏՈՒՆ ԿԸ ԴԱՌՆԱՅ
ԵՐԲ ԴՈ՛ՒՔ, ՈՐԴԵԱ՛ԿՔ,
ՁԵՐ ԱՐՄԱՏԻՆ ՇՈՒՆՉՆ ԶԳԱՔ
ՇՈՒՆՉՈՎՆ ԱՊՐԻՔ․․․
ԱՀԱ ԽՈՀՈՅԹՍ* ՀԱՐԱԶԱՏ՝
ՄԵՐ ՍՈՒՐԲ ՀՈՂԻՆ ԸՆԴԵՐՔԷՆ
ԿԸ ԿՏԱԿԵՄ ՁԵ՛Զ, ՈՐԴԵԱ՛ԿՔ,
ՈՐ ԱԶԳՈՎԻՆ ՈՂՋՈՒՆԵՆՔ
ԱՅԳԱԲԱՑԵՐՆ ՅԱՒԵՐԺԻ»։
“ՏՈՒՆԸ” մտայղացուած է 1995-ին, վերայցելուած՝ 2026-ին։ *«գոյոյթ»ը՝ գոյին խորհուրդն է, «լոյսոյթ»ը՝ լոյսին, «խոհոյթ»ը՝ խոհին։
Այս նոր բառերը «Նոր Բառակազմութեան Համակարգ»-էս են։
Գրիգորեան տոմար- Օր՝ 13, Ամիս՝ Մարտ, Տարի՝ 2026
Հայկեան տոմար- Օր՝ Ահրանք, Ամիս՝ Արեգ, Յամի՝ ՏՇԺԷ (4517)

