ՄԵՐ ԴԱ­ՏԻՆ ՀԱ­ՄԱՐ ՆԵՐ-ՀԱՅ­ԿԱ­ԿԱՆ ՅԵ­ՆԱ­ՐԱՆ­ՆԵՐ. ՀԱՅ­ՐԵ­ՆԻ ՀՈՂՆ ՈՒ ՄԱՅ­ՐԵ­ՆԻՆ

0 0
Read Time:10 Minute, 23 Second

fl Billboard_GenocideՍ. ՄԱՀ­ՍԷ­ՐԷՃ­ԵԱՆ

 

Ան­կախ այն իրո­ղու­թե­նէն, որ ցե­ղաս­պան թուրք պե­տու­թե­նէն մեր ար­դար պա­հանջ­նե­րուն հե­տապնդ­ման հա­մար մեր աշ­խա­տանք­նե­րը կը տա­րած­ուին տար­ուան բո­լոր ամիս­նե­րուն եւ օրե­րուն վրայ,

Ան­կախ այն իրո­ղու­թե­նէն, որ յա­ճախ պէտք ու­նինք աշ­խար­հին վե­րա­հաս­տա­տե­լու, թէ Թուրք­իա­յէն, նա­եւ անոր ան­վի­ճե­լի եւ ան­նե­րե­լի ոճի­րը քո­ղար­կել փոր­ձող­նե­րէն մեր պա­հանջ­նե­րը չեն սահ­մա­նա­փակ­ուած ոճի­րին ճա­նա­չու­մով, այլ կ՛անց­նին ար­դար հա­տուց­ման` հո­ղա­յին եւ նիւ­թա­կան ար­դար հա­տու­ցու­մի տա­րածք­նե­րը, եւ այդ նպա­տա­կով մեր բա­նա­ւոր ու գործ­նա­կան պայ­քա­րը կը տա­նինք ամէն օր, ամէն ամիս,

Ան­կախ յիշ­եալ ու նմա­նօ­րի­նակ նկա­տա­ռում­նե­րէ`

Մեր Դա­տը անխ­ու­սա­փելի­օ­րէն կապ­ու­ած է Ապ­րիլ ամի­սին, իսկ երբ կը մօ­տե­նանք Ապ­րի­լի 24-ին, Թուրք­իա­յէն մեր պա­հան­ջա­տի­րու­թիւնը կը զգե­նու տար­բեր հնչե­ղու­թիւն, ցե­ղաս­պան պե­տու­թե­նէն ու աշ­խար­հէն մեր սպա­սում­նե­րը կը ստա­նան տար­բեր շեշ­տադ­րում:

Պէտք չկայ եր­կար բա­ցատ­րու­թիւն տա­լու, թէ Ապ­րիլ ամի­սը ին­չո՛ւ  մաս­նա­յա­տուկ նկա­րա­գիր եւ հնչե­ղու­թիւն ու­նի հա­յե­րուս հա­մար. պէտք չու­նինք նա­եւ եր­կար մտո­րում­ներ կա­տա­րե­լու, թէ մեր իրա­ւունք­նե­րուն հե­տապնդ­ման ու պաշտ­պա­նու­թեան հա­մար մեր ու­ժերն ու ճի­գե­րը ին­չո՛ւ առա­ւե­լա­բար կը լա­րենք այս­պէս կոչ­ուած` “ար­տա­քին ճա­կատ“ին վրայ, որով­հե­տեւ գի­տենք, հա­ւա­տա­ցած ենք, որ մեր իրա­ւունք­նե­րուն վե­րա­հաս­տա­տու­մը` մարդ­կա­յին եւ հո­ղա­յին կո­րուստ­նե­րու ճա­նա­չումն ու հա­մա­պա­տաս­խան ամէն տե­սա­կի հա­տու­ցում` կը կա­րօ­տին պատ­մա­կան ճշմար­տու­թեանց Թուրք­իոյ ու ամ­բողջ աշ­խար­հին կող­մէ ըն­դուն­ման, ապա նա­եւ ար­դա­րու­թիւն հաս­տա­տող վճի­ռին:

Այս բո­լո­րը ճշմա­րիտ են եւ ար­դար: Ար­դար է նա­եւ այն, որ մեր քայ­լե­րը նոյն ձե­ւով շա­րու­նակ­ուին, հզօ­րա­նան, ցարդ ար­ձա­նագր­ուած դան­դաղ յա­ռաջ­խա­ղաց­քը աւե­լի եւս թափ ստա­նայ: Սա­կայն…

Սա­կայն կայ տա­րածք մը, որ կը կոչ­ուի “հայ­կա­կան ներ­քին ճա­կատ“, մեր Դա­տին հա­յե­ցա­կէ­տէն` “ներ­քին դաշտ“ մը, որ կը կա­րօ­տի նո՛յն­քան հո­գա­ծու­թեան, ճի­գի եւ նա­խան­ձախն­դիր աշ­խա­տան­քի:

 

ԵՐ­ԿՈՒ ԳԼԽԱ­ՒՈՐ

ՅԵ­ՆԱ­ՐԱՆ

“Ներ­քին տա­րածք“ին գլխա­ւոր կալ­ուած­նե­րէն են Հա­յաս­տա­նի բնակ­չու­թեան թիւի հարցն ու հայ­րե­նաբ­նակ ժո­ղո­վուր­դին վի­ճակ­ուած տա­րա­պայ­ման վի­ճակ­նե­րը, իսկ հա­մայն հա­յու­թեան տե­սան­կիւ­նէն` մեր լեզ­ուին ապ­րած նոյն­քան ող­բեր­գա­կան նա­հան­ջը, որուն նկատ­մամբ հետզ­հե­տէ աւե­լի հա­մար­ձակ կեր­պով կ՛որ­դեգ­րենք “Ջայ­լա­մի քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն“:

Մեր լե­զուն, հայ­րե­նի հողն ու անոր վրայ բնա­կող հա­յու­թեան թիւի աճը, հայ­րե­նի­քին մէջ իբ­րեւ մարդ ապ­րե­լու հա­մար տա­նե­լի պայ­ման­նե­րու ստեղ­ծումն ու ժո­ղո­վուր­դին հա­մա­չափ բար­գա­ւա­ճու­մը կը հան­դի­սա­նան  գլխա­ւոր բա­նա­լի­ներ ու յե­նա­րան­ներ, առանց որոնց, ներ­քին ու ար­տա­քին ճա­կատ­նե­րու վրայ մեր պայ­քա­րը են­թա­կայ կը մնան մեծ վտանգ­նե­րու, եւ օր մըն ալ, պայ­քա­րող­նե­րը կրնան մատն­ուիլ այն­պի­սի վի­ճա­կի, ուր իրենց ոտ­քին տակ տար­րա­կան հողն ու զօ­րա­կից­նե­րու բա­նակ­նե­րը կորս­ուած գտնեն. իսկ ան­կէ ան­դին…

Այս հար­ցե­րը մեր պե­տու­թիւնն ու ամ­բողջ հա­յու­թիւնը կը դնեն այն­պի­սի մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու առ­ջեւ, որոնց դի­մաց “քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն խա­ղալ“ը կը նմա­նի մա­նուկ­նե­րու “տուն-տուն խա­ղալ“ուն: Կա­րիք կա՞յ արդ­եօք եր­կար բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տա­լու, թէ հայ­րե­նի­քին ամ­րա­ցու­մը ին­չո՛ւ հրա­մա­յա­կան է ու ան­խու­սա­փե­լի` մեր իրա­ւունք­նե­րուն հե­տապնդ­ման դի­տան­կիւ­նէն: Պէտք կա՞յ դի­մե­լու եր­կար-բա­րակ մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րու, թէ այ­սօր­ուան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն բազ­մա­յար­կանի­օ­րէն ապի­կար վար­մուն­քը, մաս­նա­կի ու ժա­մա­նա­կա­ւոր շա­հե­րու հե­տամ­տու­թիւնը, “աշ­խար­հի մէջ այ­սօր այս­պէս կ՛ընեն, մենք որ­մէ՞ պա­կաս ենք“ով տար­ուի­լը, պե­տու­թիւն եւ հայ­րե­նիք կեր­տե­լու Մշա­կոյ­թէն հե­ռու կանգ­նիլն ու այդ ուղ­ղու­թեամբ քայ­լե­րու խա­փա­նու­մը ինչ­պի­սի՛ վնաս­ներ կը հասց­նեն երկ­րին ու ժո­ղո­վուր­դին,  վնաս­ներ` որոնց տար­բե­րակ­նե­րը կը կոչ­ուին… Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ու­րա­ցում, Թուրք­իոյ ոճի­րին սքո­ղում, զայն հաշ­ուե­տուու­թե­նէ ու ար­դար դա­տաս­տա­նէ վա­հա­նում, Ցե­ղաս­պան ոճ­րա­գոր­ծին ուղ­ղա­կի եւ անուղ­ղա­կի մեղ­սակ­ցու­թեան շա­րու­նա­կում: Ո՛չ հայ­րե­նի ժո­ղո­վուր­դը, ո՛չ ալ աշ­խար­հաս­փիւռ հա­յու­թիւնը իրա­ւունք ու­նին ան­տե­սե­լու այս դժբախտ իրա­կա­նու­թիւնը. դար­մա­նումն ալ կը կա­րօ­տի բո­լո­րիս ձեռ­քե­րուն մի­աց­ման, իշ­խա­նա­ւո­րը կար­գի հրա­ւի­րե­լու եւ զայն բա­րեշրջ­ման գոր­ծըն­թա­ցին մաս­նա­կից դարձ­նե­լու, վախ­ճա­նա­կա­նօ­րէն` ՕՐԷՆ­Քի պե­տու­թեան կեր­տու­մին:

Ներ-հայ­կա­կան բե­մին վրայ, մեր Դա­տին միւս, եւ նո՛յն­քան կեն­սա­կան յե­նա­րա­նը` մեր լե­զուն է (“ու հա­ւա­տը“` պի­տի աւելց­նէր Խա­չա­տուր Աբով­եան): Չենք հա­մար­ձա­կիր անդ­րա­դառ­նալ, որՀա­յաս­տա­նի հա­յա­թա­փու­մին չափ վտան­գա­ւոր ու սպառ­նա­կան են հա­յե­րէ­նէն հա­յու­թեան հե­ռա­ցու­մը եւ… այս ըն­թաց­քը ար­դա­րաց­նե­լու փոր­ձե­րը: Հետզ­հե­տէ աւե­լի հա­մար­ձա­կօ­րէն ար­տա­յայտ­ուե­լու իրա­ւունք կը փնտռեն այն­պի­սի իմաս­տակ­ներ ու “արդ­ի­ա­կա­նու­թեան“ հե­տա­մուտ “գիւ­տա­րար­ներ“, որոնք կ՛աշ­խա­տին նախ իրենք զի­րենք, ապա նա­եւ օտա­րու­մի պատ­րաս­տա­կամ զանգ­ուած­ներ հա­մո­զել, թէ հա­յե­րէ­նի իմա­ցու­թիւնը, այ­սինքն հա­յե­րէն խօ­սի­լը, կար­դալն ու գրե­լը երկ­րոր­դա­կան յատ­կա­նիշ­ներ են, մին­չեւ իսկ… պեր­ճան­քի պէս բա­ներ, մինչ­դեռ կա­րե­լի է լաւ հայ ըլ­լալ անգլ­ի­ա­խօս, ֆրան­սա­խօս, սպա­նա­խօս եւ (վաղն ալ թե­րեւս) ճա­փո­նա­խօս, վի­եթ­նա­մա­խօս կամ չի­նա­խօս դառ­նա­լով: Կը վի­ճի՛ն ալ, ու ճիգ կ՛ընեն հա­մո­զիչ դառ­նա­լու, երբ ըս­ուի, թէ մեր լե­զուն մեր Դա­տին հա­մար ան­փո­խա­րի­նե­լի ու առաջ­նա­հերթ հիմ է, ու երե­սիդ կը նետ­ուի “այս հո­սան­քին դէմ ոչ ոք կրնայ դէմ դնել“  չնաշ­խար­հիկ կար­գա­խօ­սը, “նոր սե­րուն­դը հա­յե­րէ­նը չի սի­րեր ու պի­տի չսի­րէ“ երե­ւա­կա­յա­ծին չքմե­ղան­քը (իրա­կա­նու­թիւն­նե­րուն իրա­զեկ ենք, սա­կայն անըն­դու­նել կը նկա­տենք պար­տուո­ղա­կա­նու­թիւնն ու… ծու­լու­թիւնը): Կը դիմ­ուին ին­քա­դա­տա­պար­տու­մի հա­մա­զօր… ինք­նար­դա­րա­ցու­մի, “մատ­նե­րու ետին պահ­ուը­տե­լու“ խա­ղին, ու չենք ու­զեր ըն­դու­նիլ, որ երէց սե­րունդն է, ծնող­ներ են, ըն­տա­նե­կան հա­րա­զատ­ներ, մին­չեւ իսկ ու­սու­ցիչ­ներ ու կրթա­կան կամ ազ­գա­յին կեան­քի ազ­դու դե­րա­կա­տար­ներ են այս մա­շու­մին գլխա­ւոր պա­տաս­խա­նա­տուն, նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րը ան­տար­բե­րու­թեան մղող­նե­րը (չենք վնա­սեր, եթէ դի­մենք “միշտ ալ բա­ցա­ռու­թիւն­ներ կան ու յար­գե­լի են“ քլի­շէ­ին), երբ կա­մայ թէ ակա­մայ, գի­տու­թեամբ թէ ան­գի­տու­թեամբ մեր մայ­րե­նին դուրս կը վա­նենք մեր առօր­եա­յէն, մեր Դա­տին հա­ւա­տա­ցող պա­տանի­ին ու երի­տա­սար­դին չենք կրնար անդ­րա­դառ­նալ տալ, որ մայ­րենի­ին իւ­րա­ցումն ու զայն հայ ան­հա­տին էու­թեան մէկ ան­մա­բա­ժա­նե­լի մաս­նի­կը դարձ­նե­լը նոյ­նինքն Հայ Դատ հե­տապն­դե­լու հա­մա­զօր ըն­թացք է:

Որո­վե­տեւ,

Հա­յե­րէ­նի իմա­ցու­թեա՛մբ է որ հայ ան­հա­տը` մա­նուկ, պա­տա­նի, երի­տա­սարդ թէ տա­րեց, կապ պի­տի պա­հէ ու կամրջ­ուած պի­տի մնայ իր կեն­սա­տու ար­մատ­նե­րուն, հա­յե­րէ­նին ճամ­բո՛վ է որ հայ ան­հա­տը, մա­նա­ւանդ նո­րա­հաս սե­րունդ­նե­րը հա­ղոր­դա­կից պի­տի ըլ­լան մեր մշա­կոյ­թին` անոր քա­ղա­քա­կան, պատ­մա­կան, ար­ուես­տի թէ այլ ոլորտ­նե­րու:

Պէտք է փուլ բե­րենք ցնո­րա­ծին “ար­գելք­ներ“ն ու ինք­նար­դա­րաց­ման փոր­ձե­րը: Պէտք չու­նինք եր­կար գի­տա­փոր­ձեր կա­տա­րե­լու, գլուխ կոտ­րող հա­մա­գու­մար­ներ ու գի­տա­ժո­ղով­ներ կազ­մա­կեր­պե­լու, այլ կար­ճա­տեւ` քա­նի մը ամս­ուան կամ մէկ-եր­կու տար­ուան աշ­խա­տան­քը ցոյց պի­տի տայ, որ խե­լա­հաս ու հա­յու­թեան շի­ճու­կով պատ­ուաստ­ուած պա­տա­նին եւ երի­տա­րասր­դը, մեր Դա­տին հա­մար այս կեն­սա­կան բա­նա­լին` մայ­րե­նին, պիտի կա­րե­նայ տա­նե­լի եւ ըն­դու­նե­լի չա­փով իւ­րաց­նել, հե­տե­ւա­բար եւ ապա­հո­վել մեր մա­շու­մին դադ­րե­ցու­մը, երաշ­խա­ւո­րել թուա­յին աճ` հայ­կա­կան աշ­խար­հի տա­րած­քին, եւ այդ հզօ­րան­քը գոր­ծի լծել ի խնդիր մեր իրա­ւունք­նե­րուն հե­տապնդ­ման:

“Տա­սը լե­զու սոր­վէ, բայց մայ­րե­նիդ ամուր պա­հէ“ աբով­եա­նա­կան պատ­գա­մը այ­սօր ու վա­ղը կը մնան ան­ժա­ման­ցե­լի: Այս պատ­գա­մին կեն­սա­գործ­ման հա­մար ալ աշ­խա­տան­քի եւ ինք­նա­հա­մո­զու­մէ ան­դին անց­նե­լու պէտք ու­նինք տար­ուան բո­լո՛ր օրե­րուն ու ամիս­նե­րուն, եւ ո՛չ միայն Ապ­րի­լին, ինչ­պէս կ՛ընենք ար­տա­քին դաշ­տե­րու մէջ պայ­քա­րի հա­մար:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles