Գլխաւոր

ԳՈՀԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ.- 20.8 ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐԻ ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆ՝ Ի ՆՊԱՍՏ ԱՐՑԱԽԻ ՋՐԱՄԱՏԱԿԱՐԱՐՄԱՆ

Նոյեմբեր 25-ին, Գոհաբանութեան տօնին առթիւ, տեղի ունեցաւ «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամի 13-րդ դրամահաւաքի արշաւը՝ թելեթոնը, որ տեւեց 12 ժամ եւ ուղղակիօրէն սփռուեցաւ հեռատեսիլի արբանեակային չորս կայաններու կողմէ, ամբողջ աշխարհի տարածքին:
Կարելի եղաւ հանգանակել 20.862,733 (ներառեալ խոստումները) միլիոն տոլար, որ հեռուէն կը գերազանցէ անցեալ տարուայ հանգանակուած գումարը՝ 15,875,043 տոլար: Այս առթիւ Միացեալ Նահանգներ ժամանած էր Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանը, իր պաշտօնական պատուիրակութեան հետ: Դրամահաւաքի նախօրեակին, կատարուեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, նախագահ Սահակեանի հետ: Նշենք թէ այս տարուայ գոյացած գումարը պիտի տրամադրուի ջրամատակարարման աշխատանքներուն:

Օրուան ճոխ յայտագիրը կ°ընդգրկէր հայկական երաժշտութիւն, գեղարուեստական յայտագիր, զանազան հրաւիրեալ անձնաւորութիւններու եւ նուիրատուներու սրտի խօսքեր, ներկայութեամբ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի գործադիր մարմնոյ անդամներուն: Նշենք թէ Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի մէջ ալ կատարուեցան հանգանակութիւններ:

Նոյեմբեր 18-21-ին, Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցաւ աւանդական համա-եւրոպական դրամահաւաքը, որուն այս տարի կը մասնակցէին Ֆրանսայի« Գերմանիոյ« Զուիցերիոյ« Հոլանտայի եւ Յունաստանի տեղական մարմինները: Այս առթիւ, կարելի եղաւ ապահովել մէկ միլիոն 300 000 եուրօ: Իսկ Լիբանանի մէջ, կարելի եղաւ հանգանակել շուրջ 150,000 ամերիկեան տոլար:

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email
Back to top button