ՆԻՒ ԵՈՐ­ՔԻ ՄԷՋ.- ԷՐԻՔ ՊՕ­ՂՈՍ­ԵԱՆ ԿԸ ԽՕ­ՍԻ ՍՈ­ՂՈ­ՄՈՆ ԹԵՀ­ԼԻՐ­ԵԱ­ՆԻ ՄԱ­ՍԻՆ ԾՐԱԳ­ՐԱԾ ԻՐ ԳՐՔԻՆ ՇՈՒՐՋ

0 0
Read Time:6 Minute, 3 Second

 Լու­սան­կար­ներՀԷՐԻ ԳՈՒՆՏԱՔՃԵԱՆԻ

Էրիք Պօ­ղոս­եան, գլխա­ւոր դե­րա­սան­նե­րէն “Կարգ ու Կա­նոն“ (“Law & Order“) հե­ռուս­տա­տե­սի­լի շար­քին եւ այ­լեւս դա­սա­կան հա­մար­ուած “Talk Radio“ մե­նա­կա­տա­րու­թեան մէջ, Փետր­ուար 2-ին, Գոր­նել Ակում­բին մէջ, ներ­կա­յա­ցաւ Նիւ Եոր­քի հայ հան­րու­թեան, մօտ 100 հոգիի առ­ջեւ, խօ­սե­լու հա­մար իր դե­րա­սա­նա­կան աս­պա­րէ­զին, իր հայ­կա­կան ինք­նու­թեան եւ Թա­լէ­աթ փա­շա­յի  ահա­բե­կիչ  ազ­գա­յին հե­րոս Սո­ղո­մոն Թեհ­լիր­եա­նի շուրջ իր հե­տա­զօ­տու­թեան մա­սին:

Երե­կոն, կոչ­ուած “Թեհ­լիր­եա­նի Որո­նու­մը“ (“Searching for Tehlirian“), կազ­մա­կերպ­ուած էր Հա­մազ­գա­յին Հայ Կրթա­կան եւ Մշա­կու­թա­յին Միու­թեան Նիւ Եոր­քի մաս­նա­ճիւ­ղին կող­մէ, եւ եղաւ առա­ջին դա­սա­խօ­սու­թիւնը Հա­մազ­գա­յի­նի “Ար­ուեստ եւ Գրա­կա­նու­թիւն“ ձեռ­նարկ­նե­րու շար­քին:

Հա­մազ­գա­յի­նի Նիւ Եոր­քի մաս­նա­ճիւ­ղի ատե­նա­պետ Աւե­տիս Հաճ­եա­նի հա­կիրճ բաց­ման խօս­քէն վերջ, Էրիք Պօ­ղոս­եան, որ ներ­կա­յիս ամե­նէն հռչա­կա­ւոր Ամե­րի­կա­հայ դե­րա­սանն է շնոր­հիւ իր բե­մա­կան եւ գրա­կան վաս­տա­կին, իր  զրու­ցադրու­թիւնը սկսաւ ակ­նար­կով մը, որ կը վե­րա­բե­րէր  իր ան­ցու­ցած ման­կու­թեան Ուա­թըր­թաու­նի մէջ, Մա­սա­չուսէց:

-Մեծ հայրս կ՛ըսէր, որ ամ­բողջ աշ­խար­հը հայ է, որով­հե­տեւ բո­լորս Նո­յէն սե­րած ենք, ըսաւ հռչա­կա­ւոր դե­րա­կա­տա­րը, շար­ժե­լով ներ­կա­նե­րուն խնդու­քը:

Պօ­ղոս­եան  կոչ ըրաւ նոր աչ­քով դի­տե­լու իր նման հա­յե­րը, որոնք կազ­մա­ւոր­ուած եւ մեծ­ցած են  հայ հա­մայն­քա­յին կեան­քէն հե­ռու, եւ որոնք իրենց հայ­կա­կան ինք­նու­թիւնը կը պահ­պա­նեն իւ­րա­յա­տուկ կեր­պով, նման այն ան­հատ­նե­րուն, որոնք  աւե­լի գոր­ծօն մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րեն գա­ղու­թա­յին աշ­խա­տանք­նե­րուն:

Երբ սկսած է  դե­րա­սա­նա­կան հռչակ շա­հիլ, Պօ­ղոս­եան ճնշում­նե­րու են­թարկ­ուած է  իր մա­կա­նու­նը փո­խե­լու եւ կրե­լու աւե­լի մատ­չե­լի անուն մը հան­րու­թեան հա­մար:

-Միայն ահա­բե­կի­չի դե­րեր պի­տի տան այդ անու­նովդ, ըսած են իրեն:

Ինք սա­կայն չէ հրա­ժա­րած իր հայ­կա­կան մա­կա­նու­նէն:

Իսկ ամե­րի­կա­հա­յեր  յա­ճախ իրեն  կու տա­յին զա­նա­զան  հար­ցում­ներ, ինչ­պէս.

-Ե՞րբ բան մը պի­տի ընես Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին:

-Ե՞րբ թատ­րեր­գու­թիւն պի­տի գրես հայ­կա­կան նիւ­թով:

Այս­ուա­մե­նայ­նիւ, եր­բեք մղուած չէր  այդ նիւ­թե­րուն անդ­րա­դառ­նա­լու թա­տեր­գա­կան բնոյթ տա­լով:

Իննի­սու­նա­կան­նե­րու Պալ­քան­եան պա­տե­րազմ­նե­րու ժա­մա­նակ, Պօ­ղոս­եան յան­կարծ նկա­տեց այդ աղէ­տին կա­պը իր սե­փա­կան պատ­մու­թեան հետ:

-Երբ տե­սայ ի՞նչ կը պա­տա­հէր Սերպ­իա­յի մէջ, անդ­րա­դար­ձայ որ ա՜յս էր ինչ որ պա­տա­հած էր ըն­տա­նի­քիս, ըսաւ:

Ու­րեմն այդ շրջա­նին է որ  սկսած է  խո­րա­սուզ­ուիլ Եղեռ­նի պատ­մու­թեան մէջ եւ յատ­կա­պէս կեդ­րո­նա­ցած` Սո­ղո­մոն Թեհ­լիր­եա­նի պա­րա­գա­յին վրայ:

Պօ­ղոս­եա­նի սկզբնա­կան նպա­տա­կը գրա­կա­նաց­նել էր Թեհ­լիր­եա­նի կող­մէ Թա­լէ­ա­թի սպա­նու­թիւնը Պեր­լի­նի մէջ, Մարտ 15, 1921-ին: Որ­քան նիւ­թին մէջ խո­րա­ցաւ, հա­յոց պատ­մու­թեան եւ հայ­կա­կան նիւ­թե­րու վե­րա­բեր­եալ 1.000 գիր­քէ աւե­լի հա­ւա­քա­ծոյ մը կազ­մե­լով, Պօ­ղոս­եան նոր երես­ներ գտաւ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ծրագ­րին շուրջ եւ Եղեռ­նը կազ­մա­կեր­պող­նե­րու ջար­դա­րա­րու­թեան վե­րա­բեր­եալ, որոնց մա­սին ընդ­հան­րա­պէս սա­կա­ւա­թիւ գրու­թիւն­ներ կա­յին կամ բո­լո­րո­վին չգոյ էին:

Իր խօս­քին մէջ, Պօ­ղոս­եան  ներ­կա­յա­ցուց Հա­յոց ար­հա­ւիր­քի աշ­խար­հագ­րա-քա­ղա­քա­կան պայ­ման­նե­րը, նշե­լով Գեր­ման­իոյ եւ Մեծն Բրի­տան­իոյ մրցակ­ցու­թիւնը` Կաս­պից Ծո­վու եւ Մի­ջին Արե­ւել­քի քա­րիւ­ղին տի­րա­նա­լու հա­մար, ինչ­պէս նա­եւ Գա­լուստ Կիւլ­պէնկ­եան մե­ծա­հա­րուս­տի դե­րա­կա­տա­րու­թիւնը այս վեր­ջին պայ­քա­րին մէջ:

Այս եւ ու­րիշ նիւ­թեր Պօ­ղոս­եա­նը մղե­ցին վա­ւե­րագ­րա­կան գիրք մը գրե­լու, որ հա­ւա­նա­բար լոյս տես­նէ այս տար­ուան վեր­ջա­ւո­րու­թեան կամ 2013-ի սկիզ­բը, մինչ կը շա­րու­նա­կէ իր հե­տա­զօ­տա­կան ճամ­բոր­դու­թիւն­նե­րը եւ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րը, նե­րառ­եալ հան­դի­պում մը Սիլ­վա Նա­թա­լի Մա­նուկ­եա­նին հետ եւ իր ան­յա­ջող փոր­ձե­րը փաս­տա­թուղ­թեր գտնե­լու տիկ. Նա­թա­լի Մա­նուկ­եա­նի հօր­մէն` հայ բա­նաս­տեղծ Շա­հան Նա­թա­լի, հե­ղի­նա­կը Նե­մէ­սիս Գոր­ծո­ղու­թեան, ահա­բե­կե­լու հա­մար Եղեռ­նի կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը` Ճե­մալ Փա­շա, Սա­յիտ Հա­լիմ, Թա­լէ­աթ եւ ուիրշ­ներ:

Իր զրոյ­ցի աւար­տին, Պօ­ղոս­եան ունկն­դիր­նե­րու հար­ցում­նե­րուն պա­տաս­խա­նեց աշ­խոյժ մթնո­լոր­տի մը մէջ, որ շա­րու­նակ­ուե­ցաւ ներ­կա­յա­ցու­մի պաշ­տօ­նա­կան վեր­ջա­ւո­րու­թե­նէն ան­դին, խօ­սե­լով ներ­կա­նե­րու հետ, որոնք կը մօ­տե­նա­յին զինք շնոր­հա­ւո­րե­լու, ըն­տա­նե­կան պատ­մու­թիւն­ներ բաժ­նե­լու կամ յա­ւել­եալ հար­ցում­ներ ընե­լու:

-Շատ լա­ւա­տեղ­եակ է հայ­կա­կան նիւ­թե­րու շուրջ, զար­մա­ցած եմ, ըսաւ ներ­կայ մը, ար­տա­յայ­տե­լով  ընդ­հա­նուր տպա­ւո­րու­թիւնը բո­լոր ներ­կա­նե­րուն, որոնք  բա­րի զար­մանք կը յայտ­նէ­ին, որ Հո­լի­վու­տի ամե­նէն համ­բա­ւա­ւոր հայ դե­րա­սա­նը այն­քան ծա­նօթ է հա­յոց պատ­մու­թեան:

ԹՂԹԱ­ԿԻՑ

Լու­սան­կար­ներ` ՀԷՐԻ ԳՈՒՆՏԱՔՃԵԱՆԻ

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles