
Շորհիւ Մեծագոյն Պոսթընի մեր հայրենակիցներու աջակցութեան եւ քաջալերանքին, Սուրիահայութեան օժանդակութեան նուիրուած համերգը, որ տեղի ունեցաւ Ապրիլ 20, 2013-ին, պսակուեցաւ յաջողութեամբ:
Համերգի տոմսակներու վաճառքէն եւ կատարուած նուիրատուութիւններէն գոյացած $30,500 գումարը ամբողջութեամբ ուղղարկուած է Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Լոս Անճելըսի Միացեալ Մարմնին, Անթիլիասի կաթողիկոսարանի ճամբով փոխանցուելու Սուրիահայութեան:
Այս առիթով մեր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնենք բոլոր անոնց, որոնք իրենց նուիրատուութիւններով, քաջալերանքով եւ մասնակցութեամբ սատար հանդիսացան այս ձեռնարկի յաջողութեան:
Շնորհակալութիւն
Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Համերգի կազմակերպիչ Յանձնախումբ
Ուաթըրթաուն, Մայիս 10, 2013