
Տիթրոյթի “Ուիլիըմ Պոմոնթ“ հիւանդանոցին մէջ մահացաւ 83-ամեայ “բժիշկ մահը“ Ճէք Գէորգեան, որ մահը ցանկացող անբուժելի հիւանդներու օգտակար դարձող բժիշկն էր:
2010-ին ցուցադրուեցաւ, Պերի Լեվինսընի պատրաստած “Դուք չէք գիտեր Ճէքը“ ժապաւէնը, որուն մէջ Գէորգեանի դերը ամէնայն յաջողութեամբ ստանձնած էր Ալ Փաչինօ:
Գէորգեան, տասնեակ մը տարիներ, առաջ բանտարկուած էր իր օժանդակած անձնասպանութիւններէն մէկուն պատկերասփռումէն ետք: Գէորգեանի դէմ մեղադրանքներ կարելի եղաւ առաջադրել միայն 1999-ին, երբ իրաւապահներուն ձեռքը անցաւ 52-ամեայ Թոմաս Եորքի մահուան տեսագրութիւնը:
Ան 15- 25 տարուան բանտարկութեան դատապարտուած էր, սակայն նկատի ունենալով բժիշկին առողջական վիճակը եւ բանտի մէջ կեցութեան ընթացքին անոր վարքը, դատաւորը որոշած էր զայն ազատ արձակել:
Գէորգեան խոստացած էր անձնասպանութեան չօժանդակել, սակայն կը շարունակէր անձնասպանութիւն փափաքող հիւանդներու իրաւանց համար պայքար տանիլ:
Ան բանտարկուած էր Հարաւային Միշիկրնի նախկին Ճէքսըն բանտին մէջ, որ բարեշինուած է անուղղայ յ անց ապար տներ ընդունելու համար՛. Անոր շուրջ երկու մեթր լայնքով երեք մեթր երկարութեամբ խցիկ մր տրուած էր, ուր կար անկողին մը, լուացարան մը եւ փոքր ձայնասփիւռ, մը, իբրեւ նուազագոյն հսկողութիւն:
Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրած ընտանիքի զաւակ, ծնած Միշիկընի Փոնթիաք քաղաքը, Գէորգեան օրական քանի մր անգամ բակ իջնելու, գրադարան երթալու եւ այցելուներ ընդունելու ազատութիւնը ունի, սակայն իւրաքանչիւր այցելութենէ ետք ան մանրազնին խուզարկութեան կ՛ենթարկուէր:
Ան բանտէն ներս վերիվայրումներ ապրեցաւ, սակայն միշտ ձայն մը լսեց եւ քայլ պահեց արտաքին աշխարհին հետ: Ան յուսալքուած չմնաց, այնքան մը որ անոր ձեռագիրներու եւ արխիւներու մասնագէտ Ռութ Հոլմզ կր պատրաստէ ստացուած նամակներէն պատրաստուած գիրք մր, որ կր կոչուի` “Սիրելի բժիշկ Ճէք“:
1990-էն 1998 թուականներուն ան օգնած է 130 հիւանդներու, կեանքէն հեռանալու համար:
Գէորգեանի փաստաբանը հետեւողական ձեւով աշխատանք տարաւ եւ դաշնակցային ատեանին փորձեց համոզել, թէ յանցապարտը պէտք է երաշխաւորագինով ազատ արձակուի: Միւս կողմէն Գէորգեանի պատիժը Հարցականի տակ կ՛առնուէր, Միշիկրնի Գերագոյն Ատեանր մերժած էր ընդունիլ անոր դատը վերատեսութեան ենթարկելու դիմումը: Փաստաբան Մորկընրոթ որոշած էր ամէնէն Հռչակաւոր յաճախորդին դատը ներկայացնել Միացեալ ՆաՀանգներու Գերագոյն Ատեանին եւ Տիթրոյթի մէջ Միացեալ Նահանգներու Արուարձանային Ատեանին, լուսարձակի տակ առնելով սահմանադրական այնպիսի հարցեր, զորս նահանգային ատեաններ մերժած էին քննել:
Թէեւ Գէորգեանը դատական հետապնդումի ենթարկողները զայն ներկայացուցած են իբրեւ մահուամբ համակուած չար ոգի մը, սակայն Հոլմզ զայն ճանչցած է իբրեւ խելացի, համակրելի եւ կատակասէր անձ մր:
Գէորգեանի ամենէն հաւատարիմ պաշտպաններն ու բարեկամները, որոնք հեռաձայնով անոր հետ կր խօսէին եւ նոյնիսկ կ՛այցելէին բանտ, կր շեշտէին, թէ ան ոչ մէկ ձեւով մոռցուած է: Փաստօրէն ան բանտարկուելէն ետք եւ նոյնիսկ վերջին օրերուն, հազարաւոր նամակներ ստացաւ: Գէորգեանի համակիրներ փափաքած էին օրաթերթերու մէջ, ամբողջ էջեր գնել իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու համար անոր:
Հանրածանօթ թիւ 284797 բանտարկեալը երաշխաւորագինով ազատ արձակուեցաւ` Գէորգեան րնդհանրապէս մնաց լուռ, որովհետեւ Միշիկընի բանտային օրէնքին համաձայն, արգիլուած էր անոր հետ հարցազրոյցներ կատարել եւ պատկերասփռել: Անոր փաստաբանն ալ վերջ դրած էր Գէորգեանի հետ հարցազրոյցներու, հաւատալով, որ անոր հարցը կր պատկանի դատարանին եւ ոչ թէ հանրային կարծիքի ատեանին:
Եոհան Սեպասթիան Պախի երկրպագու, Գէորգեան նաեւ պատրաստած է գեղանակարչական գործեր, որոնց մէջ գործածած է իր իսկ արեան կաթիլները…աւելի ապրումով եւ նուիրումով վրձինահարելու համար: