Հ.Օ.Մ.-Ի ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱՅ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ԷՋԵՐԷՆ… ԽԱՉՈՒՀԻՆ ԲՈՒՐԳԵՐՈՒ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ
Ըստ նոր պատմագրական պրպտումներու« հայ ժողովուրդի ներկայութիւնը Նեղոսի ափերուն սկիզբ կÿառնէ հազարամեակներ առաջ« Հայկական բարձրաւանդակէն գաղթած Հայկսոսներու մուտքովը ապագայ փարաւոնական հարստութիւններու եւ աննման կոթողներու երկիրը: Պատմական Եգիպտոսի քաղաքակրթութեան փառայեղ պատմութիւնը ծանօթ է բոլորին որպէս ակունքը միջերկրականեան այլ քաղաքակրթութիւններու նուաճումներուն՝ ընկերային« կրօնական« գեղարուեստի եւ գիտութեան մարզերէն ներս:
Ինչպէս ծանօթ է« մօտիկ անցեալի օսմանեան ու խտիւեան շրջաններուն« Մոհամմէտ Ալիի եւ իր յաջորդներու ժամանակաշրջանէն« եգիպտահայեր որոշի°չ դեր ունեցած են երկրին արդիականցման աշխատանքներուն մէջ՝ որպէս պետական բարձր աստիճանի վրայ գործող անձնաւորութիւններ: Քանակով բաղդատաբար փոքր այս գաղութը ունեցած ու պահպանած է բարձր որակի կենցաղ՝ իր դպրոցներով« եկեղեցիներով« ազգային ու անհատական հաստատութիւններով« արուեստներով ու մշակութային« ընկերային ու մարզական միութիւններով:

