Լրահոս
Հ.Օ.Մ.-Ի ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒ ԵՒ ԲԱՐԵՐԱՐՆԵՐՈՒ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

Աւելի քան տասնամեակներու աւանդութիւն դարձած է, որ Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեանի տնօրինումով, թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կատարուի Հայ Օգնութեան Միութեան հիմնադիրներու, անդամներու եւ բարերարներու հոգեհանգստեան պաշտօն:
Արդարեւ, Կիրակի, 22 Փետրուարին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախագահեց հոգեհանգիստը Նիւ Եորքի մայր Սուրբ Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։ Այնուհետեւ, Սրբազան Հայրը օրհնեց սեղանը, իսկ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Ա. Քհն. Լագիսեան՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, խօսեցաւ Նիւ Եորքի մէջ, 1910-ին հիմնուած Հ.Օ.Մ.-ի ներշնչող օրինակին մասին, որ կը շարունակէ հայ ժողովուրդի ծառայութեան իր աւանդը։


