Հ.Յ.Դ. Մարմիններու Ներկայացուցիչներու Խորհրդաժողով 

0 0
Read Time:48 Second

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի հրաւէրով 17-18 նոյեմբեր 2022-ին Լիբանանի մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ. մարմիններու ներկայացուցիչներու խորհրդաժողովը:

Ժողովին ներկայացուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի եւ սփիւռքեան կազմակերպական շրջաններու քաղաքական, կազմակերպական, քարոզչական, Հայ դատի, երիտասարդական միաւորներու եւ մեր ուղեկից միութիւններու վերջին շրջանին ծաւալած գործունէութեան մասին զեկուցումներ:

Զեկուցումներու լոյսին տակ խորհրդաժողովը քննեց Դաշնակցութեան դիմակայած խնդիրները թէ՛ ներքաղաքական եւ թէ՛ արտաքին մակարդակներու վրայ, արձանագրելով, որ մեր երկրի իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութեան պատճառով ստեղծուած այսօրուան ծանր վիճակը յաղթահարելու համար հրամայական է վարչակարգի ամբողջական փոփոխութիւնը:

Խորհրդաժողովը ընդգծեց Արցախի վերջին զանգուածային հանրահաւաքի լոյսին տակ եւ անոր օրինակով, միակողմանի պարտադրուող ծրագիրները մերժելու համաժողովրդային շարժումի ծաւալման անհրաժեշտութիւնը:

Հ.Յ.Դ. մարմիններու ներկայացուցիչները քննարկեցին նաեւ աշխարհաքաղաքական այսօրուան պայմաններն ու միտումները եւ անոնց լոյսին տակ տարուող Հայ դատի աշխատանքները: Յատուկ օրակարգով շեշտուեցաւ նաեւ սփիւռքի ներուժը հայրենանուէր ծրագիրներու իրագործման համար լիարժէք օգտագործելու եւ սփիւռքի տագնապահար գաղութներուն նեցուկ ու զօրավիգ կանգնելու հրամայականը:

Ամփոփելով իր աշխատանքները` Հ.Յ.Դ. մարմիններու խորհրդաժողովը արձանագրեց նշուած առաջնահերթութիւններու ընդառաջ ցանցային եւ համակարգուած աշխատանքներուն վերանորոգ թափ հաղորդելու հրամայականը:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles