Լրահոս
Հ.Յ.Դ. Հայաստանի 23-րդ Գերագոյն Ժողովը Ընտրեց Նոր Մարմին
ԵՐԵՒԱՆ․- Ապրիլ 26-ին մեկնարկած էր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայաստանի կազմակերպութեան 23-րդ Գերագոյն ժողովը, որ երեք օրերու ընթացքին քննած էր կուսակցութեան վերջին մէկ տարուան գործունէութիւնը, որոշած էր յառաջիկայ ռազմավարութիւնը եւ ընտրած 11 անդամներէ բաղկացած՝ Գերագոյն Մարմին:
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն մարմնի նոր կազմն է․- Իշխան Սաղաթելեան (ներկայացուցիչ), Արծուիկ Մինասեան, Արթուր Խաչատրեան, Աշոտ Սիմոնեան, Տարօն Տօնոյեան, Լիլիթ Գալստեան, Շաղիկ Մարուխեան, Արմենուհի Կիւրեղեան, Յակոբ Մատիլեան, Սիմոն Սիմոնեան, Միքայէլ Մանուկեան։

