Լրահոս

Հ.Յ.Դ.-ի Ուղեկից Միութիւններու Կեդրոնական Վարչութիւններուն Հետ Առցանց Խորհրդաժողով

Հ.Յ.Դ.  Բիւրոյի նախաձեռնութեամբ` Հոկտեմբեր 30-31-ին տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ. ուղեկից միութիւններու` Համազգայինի, Հ.Օ.Մ.-ի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական վարչութիւններու առցանց խորհրդաժողովը:

Առցանց խորհրդաժողովին բացումը կատարեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան: Ան իր խօսքին մէջ կարեւոր նկատեց այն աշխատանքը, որ մեր նորագոյն պատմութեան ամէնէն դժուար օրերուն, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, կը կատարեն ուղեկից միութիւնները` մնալով պատնէշի վրայ, հաւատարիմ իրենց մշակութային, մարդասիրական, մարմնակրթական առաքելութեան:

Ընդգծուեցան այն բազմաթիւ մարտահրաւէրները, զորս այսօր կը դիմագրաւեն ՀՅԴ-ի ուղեկից միութիւնները, մասնաւորապէս` միութիւններու երիտասարդացում, արդիականացման մարտահրաւէրներուն ընդառաջ գործունէութեան նոր ոլորտներու որդեգրման հարկադրանք, միութիւններու աշխատանքներու համադրման եւ համակարգման անհրաժեշտութիւն, ինչպէս նաեւ միութիւններու շրջանաւարտութենէն ետք արդէն նախկին միութենականները դէպի ազգային գործունէութեան դաշտի մղում:

Ուղեկից միութիւններու ներկայացուցիչներ Նայիրի Տէրտէրեանը, Մկրտիչ Մկրտիչեանը եւ Վաչէ Նաճարեանը համապատասխանաբար ներկայացուցին Հ.Օ.Մ.-ի, Համազգայինի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի համահայկական կառոյցներու աշխատանքային հարթակները, վերջին տարիներուն իրականացուցած ծրագիրները եւ դիմագրաւած դժուարութիւնները:

Խորհրդաժողովին մասնակիցները քննարկեցին նաեւ ՀՅԴ-ի ուղեկից մարմիններու եւ Հ.Յ.Դ. Հայ դատի գրասենեակներու, հայրենիք-սփիւռք համագործակցութեան հեռանկարները:

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button