
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան Արցախի Հանրապետութիւն երկօրեայ աշխատանքային այցելութեան շրջանակներուն մէջ հանդիպումներ ունեցած է Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի, Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Վիթալի Բալասանեանի, պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի հետ:
Քննարկումներու առանցքը եւ շեշտադրումը եղած է Հ.Յ.Դ. համահայկական կառոյցի ամբողջ ներուժի ներդրումը ի սպաս Արցախի: Արտաքին ճակատի ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն մէջ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչը ընդգծած է Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի շեշտադրումը: Տէր Խաչատուրեանը յստակ նշած է, որ Հ.Յ. Դաշնակցութեան նպատակն է գործադրել ամէն ինչ` մոռացութեան չմատնելու Արցախի հարցը եւ վերականգնելու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու ձեւաչափը: Իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ որեւէ համաձայնութեան կնքման պարագային, անհրաժեշտ է Արցախի կարգավիճակը միջազգային օրակարգի մէջ պահելու խնդիրի շեշտադրումը: Արցախի հարցը կը մնայ այժմէական եւ լուծման կարօտ: Պէտք է բացառել ուժի կիրարկումը եւ վերակենդանացնել բոլոր այն ձեւաչափերը, որոնք կը նպաստեն հարցի լուծման:
Յստակ է նաեւ ներքին ճակատի մէջ Հ.Յ.Դ.-ի դիրքորոշումը: Արցախի շահերու պաշտպանութեան համար պէտք է ըլլայ համահայկական համախմբուածութիւն: Արցախի ժողովուրդը 30 հոկտեմբերին հանրահաւաքով արտայայտած է իր կամքը, սակայն իշխանութիւններն ալ պէտք է պնդեն, որ ամէն գնով պիտի բացառեն Արցախի` Ազրպէյճանի կազմին մէջ յայտնուիլը, եւ պիտի աշխատին վերականգնել ներազգային միասնութիւնը:
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչը ողջունած է Ռուբէն Վարդանեանի` պետական նախարարի պաշտօնին մէջ նշանակուիլը եւ յոյս յայտնած, որ նոր մօտեցումներով եւ ուժերու համախմբումով կարելի պիտի ըլլայ լծուիլ նաեւ ներքին ճակատի խնդիրները լուծելուն: Տէր Խաչատուրեան նշած է, որ ո՛չ միայն Հ.Յ.Դ. Արցախի կեդրոնական կոմիտէութիւնը իր աշխուժ մասնակցութիւնը կը բերէ Արցախի քաղաքական կեանքին: Հ.Յ.Դ.-ի աշխարհասփիւռ շրջանները որդեգրած են գիւղական համայնքներու եւ գիւղատնտեսութեան զարգացման, ինչպէս նաեւ ազատամարտիկներու ընտանիքներու օժանդակութեան շարք մը ծրագիրներ: Հ.Օ.Մ.-ի միջոցով Հ.Յ.Դ.-ի մեծ ընտանիքը իր օժանդակութիւնը ցուցաբերած է տեղահանուած ընտանիքներուն, հաստատուած է «Արեւային Արցախ» ծրագիրը, որուն շնորհիւՀ.Օ.Մ.-ի միջոցներով արեւային ջրատաքացուցիչներ կը տեղադրուին գիւղական համայնքներու մէջ: Հ.Օ.Մ.-ը կը շարունակէ իր մանկապարտէզներու ցանցի հովանաւորութիւնը: Արցախի մէջ այժմ կը գործեն նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական կառոյց եւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան գրասենեակ:
Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչները բարձր գնահատած են Հ.Յ.Դ. Արցախի ու համահայկական կառոյցի դերն ու ներդրումը: