Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Անդամ Կիրօ Մանոյեան Այցելեց Ճեզիրէ

0 0
Read Time:43 Second


Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 21-ին, Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամ եւ Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան ժամանեց Գամիշլի եւ ջերմ ընդունելութեամբ դիմաւորուեցաւ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի եւ ազգայիններու, թաղականութիւն եւ Արժ. Տէր Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանի կողմէ։

Այցելութեան ներկայ էին շրջանի պատասխանատուներ, եւ Ազգային ժողովի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհին։

Հոգեշնորհ հայր սուրբը ողջունեց մեծայարգ հիւրը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը, ապա ամփոփ զեկոյցով ներկայացուց Ճեզիրէի շրջանի ներկայ պատկերը եւ հայապահպանութեան տքնաջան աշխատանքը։ Հոգեշնորհ հայր սուրբը շեշտեց. «Այսպիսի պատուիրակութիւններ երբ փոքր շրջաններ կ՚այցելեն, մեծ եռանդ կուտան, կենսունակութիւն եւ աշխատանքի նոր թափ կը յառաջացնեն, խրախուսիչ կ՚ըլլան նամանաւանդ երիտասարդ տարրին համար, ի մասնաւորի քաղաքական այս դժուար իրավիճակին մէջ»։ Ապա ան Մանոյեանը ծանութացուց Գամիշլիի արխիւին եւ պատմական ու կրօնական իրերուն։

Իր կարգին Կիրօ Մանոյեան գոհունակութիւնը յայտնեց այս հանդիպումին առիթով, յարատեւ վերելք եւ յաջողութիւն մաղթելով ազգային բոլոր մարմիններուն։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles