Հ.Յ.ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՄԲ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎ՝ ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԻ ՄԷՋ

Հ.Յ.Դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ, Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցաւ համահայկական խորհրդաժողով մը, որուն կարեւորութիւնը շատ աւելի կարեւոր էր, յատկապէս նկատի ունենալով, մութ հաշիւներով լեցուն Մատրիտեան նախաձեռնութիւնը: Ներկայացուեցան խորհրդաժողովի աշխատանքներուն ընթացքը, քննարկուած հարցերը, ինչպէս նաեւ կատարուած առաջարկները:
Խորհրդաժողովի աւարտէն ետք Հ.Յ.Դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամներ Լեւոն Մկրտչեան եւ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան պատասխանեցին լրագրողներու հարցումներուն:
Պատասխանելով լրագրողներէն մէկուն այն հարցումին, թէ խորհրդաժողովէն բխած նման խիստ ոճով յայտարարութեան (տեսնել՝ էջ 23) արդեօք պիտի յաջորդէ՞ արտաքին գործոց նախարարի հրաժարականի պահանջ՝ Լեւոն Մկրտչեան ըսաւ, թէ յառաջիկայ քանի մը օրերուն կուսակցութեան բարձրագոյն մարմիններուն մէջ պիտի քննարկուին խորհրդաժողովին արդիւնքները, համապատասխան հետեւութիւններ պիտի կատարուին եւ որոշումներ պիտի առնուին:
Նշենք թէ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Հայ Դատ գրասենեակի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան, «Ազատութիւն» կայանի մէկ թղթակիցին պատասխանած էր, որ եթէ նորացուած Մատրիտեան սկզբունքներուն հիման վրայ ձեւաւորուի Արցախի տագնապի լուծման ամբողջական փաստաթուղթը եւ այդ սկզբունքները սկսին կիրառուիլ, ապա նոր պատերազմի դուռ է, որ կը բացուի, փոխան կայուն խաղաղութեան: «Հայաստանը իր կեցուածքի փոփոխութեամբ կրնայ այս վտանգաւոր զարգացումները կանխել՝ ընդգրկել Լեռնային Ղարաբաղի բանակցային ձեւաչափին մէջ եւ հասնիլ աւելի արդար ու ընդունելի վերջնական համաձայնութեան», ըսաւ Մանոյեան:
ՇԱԲԹՈՒԱՆ ԽՕՍՔԸ
«Ամենքս մեր երկրի զաւակներն ենք: : Ապրել ու ապրում ենք պատմական, պատասխանատու ժամանակաշրջանում եւ պարտաւոր ենք դիրքորոշում ունենալ այն հարցերի վերաբերեալ, որոնք ուղղակիօրէն առնչւում են մեր պետութեան, մեր ժողովրդի ապագային: …Աշխարհը, թշնամի, բարեկամ, միջնորդ երկրները, միջազգային հանրութիւնը պէտք է իմանան, որ գործ ունեն հայութեան հաւաքական կամքի հետ, եւ որ մենք պատրաստ ենք պայքարելու երկնքի տակ մեր ինքնուրոյն, արժանապատիւ տեղն ունենալու համար: Մենք չենք արհամարհում ոչ ոքի, բայց նաեւ թոյլ չենք տայ ոտնահարել մեր շահերը: Մենք պարտաւոր ենք ապացուցել աշխարհին, որ արժանի ենք յարգանքի ոչ միայն մեր պատմութեամբ, մշակոյթով, քաղաքակակրթական արժէքներով, այլեւ ուրիշների կողքին հաւասար իրաւունքներով ապրելու նորօրեայ կամքով ու ապագայի մտապատկերով…« կը յայտնէ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Ընկ. Հրանդ Մարգարեան:
ԲԱՆԱՁԵՒ

