
ՊՈՒԵՆՈՍ ԱՅՐԷՍ.- Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի հրաւէրով Հ. Յ. Դաշնակցութեան Ամերիկեան ցամաքամասի եւ Աւստրալիոյ Ռայոնական ժողովը գումարուեցաւ Սեպտեմբեր 5-6ին, Արժանթինի մայրաքաղաք Պուենոս Այրէսի մէջ, մասնակցութեամբ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի, Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի, Հայ Դատի Ուաշինկթընի գրասենեակի եւ ամերիկեան ցամաքամասի ու Աւստրալիոյ կազմակերպական հինգ շրջաններու մարմիններէն 22 ներկայացուցիչներու:
Իր չորս նիստերուն ընթացքին, Ռայոնական ժողովը բազմակողմանի քննութեան տակ առաւ Դաշնակցութեան եւ ընդհանրապէս հայութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի, Արեւմտեան աշխարհի, Միջին Արեւելքի մէջ եւ այլուր, ինչպէս նաեւ լսեց իւրաքանչիւր մարմինի գործունէութեան զեկուցումը եւ առաջարկները:
Հ.Յ.Դ. 125-ամեակի տօնակատարութիւններուն սեմին տեղի ունեցած այս քննարկումները յատկապէս կեդրոնացան Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի զօրակցութեան, Հայաստանի սահմանադրական բարեփոխումներու հոլովոյթին, Սուրիոյ հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն, կազմակերպական հզօրացման, երիտասարդութեան ներգրաւման, Հայ Դատի աշխատանքներու հունաւորման եւ ազգային ներուժի ամրապնդման խնդիրներուն վրայ: