Գլխաւոր

Հ.Մ.Ը.Մ.-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀԻՆ ՈՒ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի պատուիրակութիւն մը, բաղկացած Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանէ, Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Բագրատ Եսայեանէ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան ատենապետ Դաւիթ Յակոբեանէ եւ վարչութեան անդամ Սանտրա Վարդանեանէ, Երկուշաբթի, 29 Ապրիլին այցելեց Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանին եւ ներկայացուց միութեան աշխատանքներն ու ապագայի ծրագիրները։ Այս առիթով, նախագահ Սարգսեան հաստատեց, որ Հ.Մ.Ը.Մ. միաւորելու, համախմբելու եւ կրթելու կարեւոր դեր ունի Սփիւռքի մէջ։ Հարկ է, որ ան մեծ եռանդով շարունակէ ազգային ինքնութեան պահպանման եւ մայր հայրենիքի հետ կապերու ամրապնդման աշխատանքը։
Նախագահ Արմէն Սարգսեան Հ.Մ.Ը.Մ.-ի պատուիրակութեան գործակցութեան իր պատրաստակամութիւնը յայտնելով, նշեց, թէ Սփիւռքի մէջ կարիքները շատ են։ Անհրաժեշտութիւնը կայ նոր ժամանակներու նորահաս սերունդներու պահանջներուն եւ խնդիրներուն համահունչ նոր մօտեցումներու։
Այցելութեան աւարտին, պատուիրակութիւնը նախագահ Արմէն Սարգսեանին փոխանցեց միութեան 100-ամեակին առիթով հրապարակուածյատուկ նամականիշը։

ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՄՕՏ

Այնուհետեւ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի պատուիրակութիւնը այցելեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին։
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի պատուիրակութիւնը ընդունելով, վարչապետ Փաշինեան գնահատեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի դերը հայապահպանման գործին մէջ եւ կառավարութեան անունով պատրաստակամութիւն յայտնեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի զանազան նախաձեռնութիւններուն աջակցութեան։
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին ներկայացուց միութեան ծրագիրները եւ յատկապէս Մայիսին, Յունաստանի մէջ տեղի ունենալիք Հ.Մ.Ը.Մ.-ի երիտասարդական համագումարը։
Այցելութեան ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի, յատկապէս մարզերու մէջ սկաուտական շարժման աշխուժացման վերաբերող զանազան հարցեր եւ նախաձեռնութիւններ։

… ՆԱԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ, ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒՆ

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեանին եւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տոնոյեանին։
Նախարար Արայիկ Յարութիւնեանին հետ պատուիրակութիւնը քննարկեց նախարարութեան հետ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի կապերու սերտացման եւ համագործակցութեան կարելիութիւնները։ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը նախարար Յարութիւնեանին ներկայացուց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մեծ ընտանիքը եւ նշեց, որ այս տարի կ’ամբողջանայ Հայաստանի մէջ վերընձիւղման 30-ամեակը։ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը ոչ-կառավարական կազմակերպութիւն է, որ 1997-էն ի վեր մաս կը կազմէ Համաշխարհային Սկաուտական Շարժումին։ Ան մասնաճիւղեր ունի Երեւանի եւ Հայաստանի զանազան մարզերուն մէջ։
Իր կարգին, նախարար Արայիկ Յարութիւնեան փափաք յայտնեց մօտէն ծանօթանալու Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-ի դաստիարակչական ծրագիրներուն եւ համապատասխան ձեւերով օգտագործելու զանոնք։
Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տոնոյեանին այցելելով, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի պատուիրակութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց միութեան 100-ամեակի տօնակատարութիւններուն ցուցաբերած աջակցութեան եւ գործակցութեան համար։ Պատուիրակութիւնը արծարծեց նաեւ պաշտպանութեան նախարարութիւն-Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ. համագործակցութեան հեռանկարները։

Advertisement Subscribe Today

…ԵՒ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԻՆ ՄՕՏ


Հ.Մ.Ը.Մ.-ի պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ Էջմիածին եւ տեսակցութիւն մը ունեցաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Նաթան Արք. Յովհաննիսեանի հետ եւ միութեան շնորհակալութիւնը փոխանցեց 100-ամեակի տօնակատարութեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հովանաւորութեան համար։ Պատուիրակութիւնը քննեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հայաստանեան կառոյցին հետ գործակցութեան կարելիութիւնները։ Այս առիթով, պատուիրակութիւնը Նաթան Արք.ին յանձնեց Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին փոխանցուելիք 100-ամեակի յուշանուէրը։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button