
ԱԹԷՆՔ.- Մարտ 14-15-ին, Հ.Հ. նախագահ Սերժ Սարգսեան պաշտօնական այցելութիւն մը կատարեց Յունաստան: Ան բարձր մակարդակի հանդիպումներ ունեցաւ տեղւոյն ղեկավարութեան հետ: Առաջին հերթին, Յունաստանի նախագահական նստավայրին մէջ տեղի ունեցած պաշտօնական ընդունելութենէն ետք, տեղի ունեցաւ տեսակցութիւն Յունաստանի նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոսի հետ:
«20-րդ դարու սկիզբներու երկու ժողովուրդները միեւնոյն պատճառով տառապալից պահեր ապրած են, ինչպէս կը վկայէ պատմութիւնը` թէ՛ հայ ժողովուրդին, թէ՛ Պոնտոսի յոյներուն, թէ՛ Փոքր Ասիոյ յոյներուն նկատմամբ տեղի ունեցածին մասին: Մենք չենք մոռնար 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Հպարտ ենք, որ Յունաստանը այն քիչ երկիրներէն էր, որ օթեւան տուաւ տարագիր հայերուն, նաեւ Յունաստան առաջին երկիրներէն էր, որ ճանչցած է հայերուն դէմ գործուած ցեղասպանութիւնը, իսկ միւս կողմէ` Հայաստանի խորհրդարանը ճանչցաւ պոնտոսցիներուն դէմ գործուած ցեղասպանութիւնը: Յատկապէս ներկայի ճգնաժամային պայմաններուն մէջ, երբ սեւ, մութ ամպեր հաւաքուած են համաշխարհային հորիզոնին վրայ, պէտք է յիշենք անցեալը, ո՛չ թէ իբրեւ ատելութիւն սերմանելու միջոց, այլ որպէսզի կարենանք ապագային խուսափիլ նման ողբերգութիւններէ», ըսաւ նախագահ Փաւրոփուլոս:
Յունաստանի վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրաս, իր կարգին, ընդունեց նախագահ Սերժ Սարգսեանը։ Վարչապետ Ցիփրաս նշեց, թէ հայ եւ յոյն ժողովուրդներուն միջեւ սերտ յարաբերութիւնները տեւական են՝ շեշտելով, թէ անոնք լաւ ըմբռնած են գաղթականութեան հարցը, իրենց պատմութեան մէջ ճաշակած ցեղասպանութեան, բռնի տեղահանութեան եւ ազգային մաքրազտման հալածանքներուն պատճառով։
Նշենք թէ, նախագահ Սարգսեան նաեւ տեսակցութիւններ ունեցաւ յունահայ գաղութին հետ: Հ.Հ. նախագահը հանդիպում ունեցաւ Յունաստանի Հ.Յ.Դ Կեդրոնական Կոմիտէի պատուիրակութեան հետ: Մօտ 15 վայրկեան տեւած հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան հայ եւ յոյն գործակցութեան ոլորտները, Հայ Դատի առնչութեամբ կատարուած աշխատանքներն ու յունահայ գաղութը յուզող հարցեր։