Լրահոս

Հ․Յ․Դ․ Գերագոյն Մարմինը Դիմած Է Դատարան՝ Գէորգ Պապոյեանի, Լուսինէ Պատալեանի եւ Արամ Սարգսեանի Դէմ

 

ԵՐԵՒԱՆ․- Հ․Յ․Դ․ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի հանրային կապերու գրասենեակը, կը տեղեկացնէ, թէ դատարան դիմում կատարուած է Գէորգ Պապոյեանի, Լուսինէ Պատալեանի եւ Արամ Սարգսեանի դէմ, կուսակցութեան հասցէին հնչեցուած զրպարտիչ եւ իրականութեան չհամապատասխանող յայտարարութիւններու համար։

Օգոստոսի 21-ին, Գէորգ Պապոյեանը «Armtimes.com»-ին տուած հարցազրոյցին մէջ յայտարարած է, թէ Հ․Յ․Դ․-ն «պատերազմի կողմ» է եւ մեղադրած է Հ․Յ․Դ․-ն 2020 թուականի Նոյեմբերի 9-ի գիշերը, կառավարութեան շէնքեր ներխուժելու եւ գոյքեր գողնալու մէջ։

Սեպտեմբերի 10-ին, Լուսինէ Պատալեանը նոյն հարթակին մէջ ըսած է, թէ Հ․Յ․Դ․-ն կազմակերպած է Արարատ Միրզոյեանի սպանութեան փորձը եւ մասնակցած է Ազգային ժողովի ու կառավարութեան շէնքերու մէջ տեղի ունեցած ջարդերուն։

Օգոստոսի 27-ին, Արամ Սարգսեանը «Factor.am»-ին տուած հարցազրոյցին մէջ պնդած է, թէ դաշնակցականներն մերժած են Ալիեւի առաջարկները եւ մասնակցած՝ Եւլախի բանակցութիւններուն։

«Այս բոլոր պնդումները սուտ են եւ չունին որեւէ փաստական հիմք։ Մենք զանոնք կը գնահատենք որպէս կանխամտածուած զրպարտութիւն։ Ուստի դիմած ենք դատարան՝ պահանջելով հրապարակային ներողութիւն եւ պատճառուած վնասի փոխհատուցում», կ՛եզրակացնէ Սեպտեմբեր 29-ին հրապարակուած յայտարարութիւնը։

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button