Լրահոս

Հրակ Պագարեանի Նուիրատուութիւնը՝  Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան

 

Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական համայնքներու բաժանմունքը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, որ Հրակ Պագարեան առատաձեռն նուիրատուութիւն մը կատարած է հիմնարկութեան կրթաթոշակի ծրագիրին։

Կիւլպէնկեան կրթաթոշակ ստացողները յաճախ կը դառնան առաջնորդներ եւ մասնագէտներ իրենց համապատասխան բնագաւառներուն մէջ։ Պագարեան որոշած է նպաստել հայկական համայնքներու բաժանմունքին համալսարանական կրթաթոշակներու ծրագիրին՝ այլ փայլուն ուսանողներու օգնելու համար։ Երեք տարիներու (2011-2013) ընթացքին Հրակ կրթանպաստ ստացած էր՝ Պէյրութի մէջ Լիբանանեան Միջազգային Համալսարանին մէջ դեղագործութիւն ուսանելու համար։ Հրակ Պագարեան կապ հաստատեց հիմնարկութեան հետ՝ յայտնելով. «Ես Կիւլպէնկեան հիմնարկութենէն կրթանպաստ ստացած եմ իմ համալսարանական օրերուս, հիմա կ՚ուզեմ իմ հերթիս նուիրատուութիւն մը ընել հիմնարկութեան՝ այլ ուսանողներու օգնելու համար»։ Պարոն Պագարեան այժմ դեղագործ է եւ համահիմնադիրը մասնագիտացած դեղատան մը՝ Օրէյնճ Քաունթիի (Քալիֆորնիա) մէջ,  որ 2025-ին շահած է  «Տարուան դեղատուն» մրցանակը։ Հիմնարկութեան նախագահ Փրոֆեսոր Անթոնիօ Ֆէյժo յայտնեց. «Հիմնարկութեան hայկական bաժանմունքը կրթանպաստ կը շնորհէ իր հիմնադրութենէն ի վեր (1957)։ Մեր շահառուներուն մէջ կան բազմաթիւ ականաւոր համայնքային առաջնորդներ, գործարարներ եւ մտաւորականներ, ներառեալ երկու հայ Նոպէլեան մրցանակակիրներ։ Սոյն նուիրատուութիւնը կը նպաստէ այս երկար աւանդութեան՝ արտացոլելով մեր hիմնադիրին առատաձեռնութիւնը»։

Advertisement Subscribe Today

Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական համայնքներու բաժանմունքը շնորհակալութիւն կը յայտնէ Հրակ Պագարեանին առատաձեռնութեան համար, որ նախաձեռնեց կապ հաստատել Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան հետ՝ համաշխարհային հայ համայնքին նպաստելու ուսանողական կրթանպաստի միջոցով։ Անոր նուիրատուութեան ամբողջ գումարը պիտի յատկացուի Միջին Արեւելքի արժանաւոր ուսանողներու։

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար` այցելեցէք https://gulbenkian.pt/armenian-communities/ էջը, բաժանորդագրուեցէք Բաժանմունքի տեղեկատուին եւ հետեւեցէք մեր Facebook-ի էջին՝ https://www.facebook.com/gulbenkian.armenian.communities

Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button