Լրահոս

Հարաւային Ամերիկայի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Յայտարարութիւնը

Հարաւային Ամերիկայի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ իշխանական պատգամաւոր Արման Եղոյեանի յայտարարութիւնները, ըստ որոնց՝ «որքան աւելի զօրաւոր ըլլայ Սփիւռքը, այնքան աւելի տկար կ՚ըլլայ Հայաստանը»։

Առաջին իսկ կեղծիքը կը գտնուի այս հակադրութեան մէջ։ Որովհետեւ Հայաստանն ու Սփիւռքը, հակադիր իրականութիւններ ըլլալէ աւելի, միեւնոյն Ազգի անբաժանելի մասերն են։ Անոնց հզօրացումը զերոյական գումարով խաղ մը չէ. հզօր Հայաստանը կարիքը ունի հզօր Սփիւռքի, եւ՝ փոխադարձաբար։ Մարդոց, կարողութիւններու, միջոցներու, գիտելիքի եւ յանձնառութեան փոխադարձ շարժը կրնայ եւ պէ՛տք է նպաստէ Հայ Ազգի ամբողջական հզօրացմանը։

Սփիւռքը քաղաքական որոշումի մը արդիւնքը չէ, ոչ ալ՝ անհետանալու դատապարտուած անբնական երեւոյթ մը։ Ան մեծ մասամբ Հայոց Ցեղասպանութեան, տեղահանութիւններու եւ արմատախիլ ըլլալու հետեւանքն է։ Բայց միաժամանակ ան աւելի քան մէկ դարու կազմակերպումի, դիմադրութեան եւ հաւաքական կերտումի արդիւնքն է։ Հոն, ուր հայերս ցրուեցանք, կառուցեցինք դպրոցներ, եկեղեցիներ, ակումբներ, մշակութային, ընկերային եւ քաղաքական կազմակերպութիւններ, պահպանեցինք մեր ինքնութիւնը եւ վառ պահեցինք Հայ Դատը։

Այս իրականութիւնը միայն անցեալին չի պատկանիր։ Արցախի հայ բնակչութեան, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի մեր համայնքներու բռնի տեղահանութիւնները տասնեակ հազարաւոր հայրենակիցներ աւելցուցին աշխարհասփիւռ հայութեան նոր քարտէսին վրայ։

Հայ Սփիւռքը կը շարունակէ աճիլ, վերափոխուիլ եւ ստեղծել կազմակերպումի, պատկանելիութեան եւ հայութեան հանդէպ յանձնառութեան նոր ձեւեր։

Advertisement Subscribe Today

Այն պահուն, երբ Հայաստանը տարածքային եւ ժողովրդագրական ծանր նահանջ կ՚ապրի, անհեթեթ է իբրեւ լուծում ներկայացնել արտերկրի իր համայնքներուն տկարացումը։

Ազգային հզօրացումը կարելի չէ կառուցել՝ տարածքն ու բնակչութիւնը նուազեցնելով, Արցախի հայութեան իրաւունքներէն հրաժարելով կամ տկարացնելով այն միջավայրերը, ուր հայկական ինքնութիւնը կը պահպանուի, կը վերարտադրուի եւ կը փոխանցուի գալիք սերունդներուն։

Ուստի աննախադէպ ծանրութիւն ունի այն իրողութիւնը, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը այսօր կառավարող իշխանութեան շրջանակներէն կը փորձեն Սփիւռքի տկարացումը ներկայացնել իբրեւ պետութեան հզօրացման գրեթէ sine qua non պայման։

Հայաստանի Հանրապետութեան նորագոյն պատմութեան մէջ նմանօրինակ նախադէպեր չկան։ Տասնամեակներ շարունակ Սփիւռքը տկարացնել, բաժնել, լռեցնել կամ կազմալուծել փորձողները եղած են ճիշդ այն պետութիւնները, որոնք ձգտած են ջնջել Ցեղասպանութեան հետեւանքները, ուրանալ մեր իրաւունքները եւ վերջ դնել մեր պատմական պահանջատիրութեան՝ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը։

Քաղաքական տարակարծութիւնները օրինական են եւ բնական՝ որեւէ ժողովրդավարական հասարակութեան մէջ։ Սակայն բոլորովին այլ բան է այդ տարակարծութիւնները տեղափոխել մեր ազգային ինքնութեան դաշտ, քայքայել Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ կապերը, նսեմացնել սերունդներու պայքարով ձեւաւորուած արդարութեան պահանջները կամ մեր ժողովուրդի մէկ հատուածը միւսին հակառակորդ դարձնել։

Հայաստանը իր Սփիւռքին հակադրել, տկարացնել անոր հաստատութիւնները եւ զայն հեռացնել ազգային ապագային վերաբերող հիմնարար որոշումներէն՝ հայկական որեւէ շահու չի ծառայեր։ Ասիկա այն բաժանումն է, զոր Թուրքիան տասնամեակներ շարունակ խրախուսած է, իսկ Ատրպէյճանը կը ձգտի խորացնել։

Այդ ուղին կը ծառայէ միայն անոնց, որոնք պատմականօրէն ձգտած են մասնատել Հայ Ազգը։

Սփիւռքը տկարացնելը Հայաստանը չի հզօրացներ. ան կը տկարացնէ ամբողջ Հայ Ազգը։

Կառավարութիւնները, նոյնիսկ ապազգային կառավարութիւնները, կու գան ու կ՚երթան։ Ազգը կը մնայ։

Եւ այս հարցին մէջ պէտք է ըլլանք միանշանակ.

Հայ Ազգի միասնականութեան հետ չեն խաղար։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button