Գլխաւոր

ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական Անվտանգութեան Խորհուրդին Կը Պատկանի Հայաստանը Հեռացնելու Որոշումը

«Մենք շատոնց կը քննարկենք այս հարցը: Տը ֆաքթօ այսօր Հայաստանը չի մասնակցիր ՀԱՊԿ-ի ծիրին մէջ հարցերու քննարկման, տը ֆաքթօ Հայաստանը իր աշխատակիցները, զինուորները եւ ՀԱՊԿ-ի քարտուղարութեան աշխատակիցները չ՛ուղարկեր մասնաչափային պաշտօններու, եւ արդէն երրորդ տարին է` Հայաստանը չի վճարեր անդամավճարները: Սակայն տէ ժիւրէ անոնք կը մնան Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան անդամ: ՀԱՊԿ-ի Հայաստանը հեռացնելու թէ չհեռացնելու որոշումը կը պատկանի ՀԱՊԿ-ի Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդին, ուր խորհուրդի անդամներն են մեր անդամ երկիրներու գերագոյն ընդհանուր հրամանատարները: Այդ որոշումը անոնց կը պատկանի: Սակայն ես կը կարծեմ, որ որոշումներ տալու ընթացքին միշտ պէտք է հաշուի առնել բոլոր հանգամանքներն ու պահերը», յայտնեց ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Թաալաթպեք Մասատիքով:

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան խորհրդարանի ամպիոնէն յայտարարած էր, թէ հանդէս կու գայ հանրապետութեան ՀԱՊԿ-էն դուրսբերման օգտին եւ գոհ պիտի ըլլայ, եթէ ատիկա տեղի ունենայ: Անոր համաձայն, ատիկա Երեւանը պիտի ազատէ երկընտրանքէն` դուրս գա՞լ, թէ՞ չգալ կազմակերպութենէն:

Ընդհանուր քարտուղարին համաձայն, Հայաստան լուրջ ներդրում ունեցած է ՀԱՊԿ-ի զարգացման գործին մէջ, հայ ժողովուրդը, այս կամ այն ժամանակահատուածին մէջ, աջակցած է երկրի ղեկավարութեան բոլոր նախաձեռնութիւններուն:

 

Advertisement Subscribe Today

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button