Հանդիպում՝ Քրիստոնէական Զօրակցութեան Միջազգային Կազմակերպութեան Նախագահ – Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Արամ Ա․
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ․- Շաբաթ, 25 Հոկտեմբերին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր իջեւանած պանդոկին մէջ ընդունեց Քրիստոնէական Զօրակցութեան Միջազգային (Christian Solidarity International – CSI) կազմակերպութեան նախագահ դոկտ. Ճոն Այպնըրը։ Ներկայ էին, նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներ։
Դոկտ. Այպնըր հայրապետին ներկայացուց կազմակերպութեան գործունէութիւնը՝ Հայաստանի ու Արցախի վերաբերեալ եւ յատկապէս Պաքուի մէջ անօրէն կերպով պահուող հայ բանտարկեալներուն գծով, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ Սուրիոյ եւ Իրաքի քրիստոնեայ համայնքներուն կատարուած օժանդակութիւններուն մասին: Կաթողիկոսը իր տեսակէտները յայտնեց յիշեալ հարցերուն առնչութեամբ, նոյն ատեն իր գնահատանքը յայտնեց կազմակերպութեան գործունէութեան։ Վեհափառը մասնաւորաբար շեշտեց Պաքուի մէջ հայ բանտարկեալները ազատ արձակել տալու անյետաձգելի հրամայականը։
Սոյն կազմակերպութեան կեդրոնը կը գտնուի Ցիւրիխի (Զուիցերիա) մէջ եւ գրասենեակներ ունի զանազան երկիրներու մէջ։
Դոկտ. Այպնըր յայտնեց, թէ հետագայ շրջանին պիտի այցելէ Անթիլիաս, որպէսզի վերոյիշեալ հարցերուն շուրջ լայնօրէն խորհրդակցի հայրապետին հետ։

